Քեսապի Նուիրուած Ցուցահանդէս-ձեռնարկ Հայաստանի Մէջ
Յունիսի 7-ին ժամը 13:00 –ին Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Կը Ներկայացնեն Քեսապցիները» խորագիրով ցուցահանդէս-ձեռնարկի բացման արարողութիւնը:
Ցուցահանդէսի կազմակերպման մտայաղացումը կը պատկանէր «Քեսապ Հայրենակցական Միաւորում» հասարակական կազմակերպութեան:
Հասարակական կազմակերպութեան երիտասարդները շնորհիւ իրենց աշխատանքին կրցան Հայաստանի տարբեր շրջաններէ հաւաքել հին քեսապական իրեր եւ կազմակերպել փոքրիկ ցուցահանդէս –ձեռնարկ:
Ցուցադրուած են 1946-1947-ին հայրենադարձութեան ժամանակ Քեսապէն Հայաստան բերուած պատմամշակոյթային արժէքներ, որոնք ունին աւելի քանի 100 տարուան պատմութիւն: Ներկայացուած են կենցաղային իրեր , Քեսապցիներու ազգային տարազը, երաժշտական գործիքներ, շարք մը ձեռագործ իրեր ,գիրքեր, քեսապի մասին պատմող լուսանկարներ սկսած 1870-ական թուականներէն:
Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ կարճամետրաժ «Քեսապը երէկ եւ այսօր» լուսանկարներու ֆիլմը , որ կը ներկայացնէր քեսապահայերու անցած ուղին , քեսապական աւանդոյթները, հոգեւոր եւ պատմամշակոյթային կառոյցները: Ձեռնարկին ներկայ էին ազգագրագէտ,պատմական գիտութիւններու թեկնածու Յակոբ Չօլաքեան, «Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութեան» անդամ Խաչիկ Թիթիզեան, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ պատուելի Յովհաննեսը, Տէր Պետրոս աւագ քահանայ Մալեանը, որ ներկաներուն փոխանցեց Տ. Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեանի ողջոյնի խօսքը:Ներկայ էին նաեւ շարք մը քեսապահայեր, հայրենասէր հայորդիներ:
Ներկայացուած ցուցանմուշները ,որոնք ցուցադրուած պիտի մնան Եղիչէ Չարենցի տուն-թանգարանին մէջ մինչեւ 13.06.2014, նպատակ ունին այցելուներուն ներկայացնել Քեսապի կեանքը, պատմութիւնը, կենցաղը եւ քեսապցին` իր առանձնայատկութիւններով: