Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդը Կ’այցելէ Քեսապահայերուն – Լաթաքիա

Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Ազգ. Իշխանութեան անդամներ կ’այցելեն Լաթաքիա հաստատուած Քեսապահայերուն:
26 Մայիս 2014-ին, Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանի գլխաւորութեամբ, Ազգ. Իշխանութեան Քաղաքական Ժողովի անդամներ՝ տիարք Աւօ Ոսկեան (Ատենապետ), Մարտիկ Պօղոսեան (Փոխատենապետ) եւ Մովսէս Հալաճեան (ատենադպիր) այցելեցին Լաթաքիոյ մէջ հաստատուած Քեսապահայ ընտանիքներուն: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ Լաթաքիոյ Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ գոհաբանական աղօթք մատուցեց եւ սրտի խօսքն ու պատգամը փոխանցեց ներկաներուն: Ապա Եկեղեցւոյ մէջ ապաստան գտած ընտանիքներուն հետ մասնկացեցաւ ճաշի սիրոյ սեղանին: օր պատուիրակութեան միացաւ նաեւ Հոմսի Սբ. Մեսրոպ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ՝ տիար Վազգէն Խաչատուրեանը, զոր մանրամսնորէն տեղեկացուց եկեղեցւոյ եւ դպրոցին վիճակին եւ ներկայ կացութեան մանրմասները: Ապա Տ. Արմաշ Եպս. եւ իրեն ընկերակցող ազգայիններ աշխատանքային հանդիպում ունեցան Հոգեւոր Հովիւներուն, թաղականութեան եւ Շտապ օգնութեան անդամներուն հետ որոնք մանրամսնորէն տեղեկացուցին եկեղեցւոյ վիճակին եւ ներկայ կացութեան մանրմասները: Այնեհետեւ շրջագայելով եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ զրուցեցին ներկայ քեսապահայերուն հետ: Նոյն օրը երեկոյեան Սրբազան Հօր պատուիրակութիւնը այցելութիւն տուաւ Լաթաքիոյ Նահանգապետին: Պատուիրակութեան միացաւ նաեւ Արժ. Տ. Միւռոն Քհնյ. Աւետիսեանը, տիարք Վազգէն Չափարեանը (Քէսապի Քաշաքապետ), Յակոբ Ադամեանն ու Վազգէն Գալէմտէրեանը: Հանդիպման ընթացքին Սրբազան Հայրը ազգայիններուն անունով իր շնորհակալութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց նահանգապետին եւ պատասխանատուներուն, պետութեան կողմէ տարուած բոլոր ծառայութիւններուն համար, որմէ ետք քննարկեցին ապագային առնչուող, վերականգնումի եւ համագործակցութեան տարբեր ծրագրային խնդիրներ: Դիւան Դամասկոսի Ազգ. Առաջնորդարանի

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>