Ընդունելով Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը`. «Մարտիրոսութեան Մէջ Հայ Ժողովուրդի Զաւակները Ունին Իրենց Պատուաւոր Տեղը» Ըսաւ Ֆրանչիսկոս
Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը երէկ Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս պապին հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին մատնանշեց Թուրքիոյ աջակցութեամբ ծայրայեղական զինեալներու կողմէ աւերումն ու հայաթափումը գերազանցապէս հայերով բնակուած Քեսապին: Վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին` նշելով. «Ճշմարիտ կերպով ըսուած է, թէ ով որ պատմութենէն դասեր չ՛առներ` ստիպուած է զայն վերապրելու: Ցաւօք, ժամանակին չդատապարտելով Հայոց ցեղասպանութիւնը, աշխարհը ականատես եղաւ մէկ այլ ոճրագործութեան, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին իրագործուեցաւ հրեայ ժողովուրդին դէմ:
Տակաւին թարմ են յիշողութիւնները նաեւ Ռուանտայի եւ Տարֆուրի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւններուն: Մենք քաջատեղեակ ենք, որ Ձերդ Սրբութիւնը ինչպէ՛ս Արժանթինի մէջ իր պաշտօնավարութեան տարիներուն, այնպէս ալ իբրեւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ քահանայապետ` իր յստակ դիրքորոշումը ներկայացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ»:
Գարեգին Բ. կաթողիկոս պապին ուշադրութեան յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը յառաջիկայ տարի պիտի ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, եւ այդ առիթով պապը հրաւիրեց Էջմիածին: «Հաւատաւոր մեր ժողովուրդին համար հոգեւոր մխիթարութիւն պիտի ըլլայ Ձերդ Սրբութեան եւ մեր զաւակներուն միասնական աղօթակցութեամբ Միածնաէջ Մայր տաճարէն աղօթք վերառաքել առ բարձրեալն Աստուած` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու, աշխարհի խաղաղութեան եւ մարդկութեան բարօրութեան համար», ըսաւ Գարեգին Բ. կաթողիկոս:
Ան նաեւ պապին փոխանցեց, որ Հայ առաքելական եկեղեցին ձեռնարկած է 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման:
Ֆրանչիսկոս պապը իր արտասանած խօսքին մէջ` խօսելով մեր օրերու նահատակութեան մասին, ընդգծած է. «Իրականութեան մէջ ողբերգական դիպուածներով Քրիստոսի համար իրենց արիւնը հեղած նահատակներու թիւը անցեալ դարուն մէջ շատ աւելի է, քան առաջին դարերուն: Եւ այս մարտիրոսութեան մէջ հայ ժողովուրդի զաւակները ունին իրենց պատուաւոր տեղը (…) Նահատակներու վկայութիւնը, որ ողբերգական եւ բարձր է, պէտք չէ մոռցուի»: