BBC. Քեսապի Վրայ Յարձակումը Թուրքիան Դժուար Կացութեան Մատնած է
Քեսապի վրայ իրականացուած յարձակումը Թուրքիան դժուար կացութեան մէջ դրած է: Սուրիացի զինեալները ռազմավարական առաւելութեան հասնելու համար Քեսապ աւանը գրաւելէն ետք Սուրիոյ մէջ միլիոնաւոր փախստականներուն նորերը աւելցուցին, անդրադառնալով Լաթաքիա ապաստանած քեսապահայերուն` կը գրէ բրիտանական BBC-ի թրքական ծառայութիւնը:
Քեսապէն հեռացածները իրենց հետ տեղի ունեցածի համար մեղադրեցին Թուրքիան, իսկ Անգարայի` «Ալ Քայիտա» խմբաւորման աջակցութիւն յայտնելու մասին մեղադրանքներուն աւելցան նորերը:
Աւանը գրաւած խումբերու շարքին «Ալ Քայիտա»-ի հետ կապ ունեցող «Նուսրայի ճակատ» խմբաւորման եւ այլ ծայրայեղական խումբերու` Թուրքիոյ սահմանը հատելու տեսանիւթը բուռն արձագանգի պատճառ դարձաւ, եւ մեղադրանքները աւելցան:
Թուրքիոյ Ազգային վիճակագրական կեդրոնը կը գրէ, որ 2013 թուականին Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի գլխաւորած Արդարութեան ու զարգացման կուսակցութեան (ԱԶԿ) կառավարութիւնը Սուրիոյ մէջ գործող աւազակախումբերուն մօտ 53 հազար տոլարի զէնք եւ զինամթերք մատակարարած է, իսկ այս տարուան առաջին երեք ամիսներուն` 115 հազար տոլարի: Ինչպէս կը յայտնէ սուրիական SANA գործակալութիւնը՝ ընդդիմադիր թրքական Аydinlik թերթի յղումով, զինամթերքը Սուրիա հասած է ահաբեկիչներու հսկողութեան տակ գտնուող սահմանային անցակէտերով:
Քեսապէն փախչելով Լաթաքիա հասած հայերը, առանց իրենց անունները նշելու, կը պատմեն, թէ ինչպէս Թուրքիոյ աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ յարձակումը ու ինչ տեղի ունեցաւ անկէ ետք:
Լաթաքիա ապաստանած քեսապահայերը կը պատմեն, որ յարձակումին անպատրաստ եղած են, քանի որ ան անսպասելի սկսած է: Շատերը առաւօտեան 6-ին պայթիւններու ուժգին ձայներէն արթնացած են եւ սկսած են մեքենաներով Լաթաքիա մեկնիլ:
Գիշերանոցներով, առանց գումար, թանկարժէք իրեր, նոյնիսկ առանց անձնագիր վերցնելու հեռացած են: «Միայն մեր կեանքը փրկել ցանկացանք»,- պատմած է կիներէն մէկը: Ոմանք, հակառակ ուժգին ձայներուն, մտածած են, որ բախումները քանի մը ժամէն կը դադրին, կիներն ու երեխաները Լաթաքիա ղրկած են, իսկ իրենք Քեսապ մնացած են:
Քեսապէն բախումներու երկրորդ օրը հեռացած հայերէն մէկը ըսած է, որ իր տունը սահմանին շատ մօտ է եւ Մարտ 21-ի լուսադէմին սկսած բախումները տեսած է թուրք-սուրիական սահմանէն: «Արթնացայ առաւօտեան 5-ին: Որդիս զանգեց, ըսաւ, որ Քեսապի վրայ յարձակման մասին խօսակցութիւններ լսած է: Ճշտելու համար դուրս եկայ, որ նայիմ: Երկու անցակէտ կար, ուր 3-4 սուրիացի զինուոր կ’ըլլար, տեսայ, որ անոնց վրայ հրթիռներ ինկան: Ապա «Ալլահ ու աքպար» գոռոցներ լսեցի: Սահմանին բոլոր կողմերէն սեւ հագնած զինեալ մարդիկ Քեսապ կը մտնէին: Թուրք զինուորները առջեւն էին:
«Տեսայ` բոլորը հեռակապով հրամանատարներ էին: Մենք տեսանք, որ Թուրքիոյ կողմէ երկու հրթիռ արձակուեցաւ: Ընդդիմութիւնը նման զինամթերք չունի: Թրքական կառավարութիւնը որքան ալ ըսէ, թէ Քեսապի յարձակումին չեն մասնակցած, մենք տեսանք` այդ հրթիռները Թուրքիոյ կողմէ եկան» :
BBC-ի թրքական ծառայութեան թղթակիցին այցը կը համընկի եկեղեցիին մէջ 1915 Ապրիլ 24-ի զոհերու յիշատակի ձեռնարկին: Անոնք Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիպ Էրդողանի յայտարարութիւնը անկեղծ չեն համարեր: Եկեղեցիին մէջ հաւաքուած հայերէն մէկը նշեց, որ իրենք հարեւան թրքական գիւղերուն հետ լաւ յարաբերութիւններ ունին: «Մենք թուրք ժողովուրդի հետ խնդիր չունինք: Պետութիւնը թող ըսէ, որ «Իթթիհաթ վէ Թերաքին» ըրած է Ցեղասպանութիւնը, բայց ճանչնայ մեր ցաւը, թող չժխտէ» Ան յիշեցուցած է, որ Թուրքիոյ մէջ ցաւակցական ուղերձ յղողը եւ Քեսապի սահմանը յարձակման համար բացողը նոյն կառավարութիւնն է:
Ապրիլ 23-ին Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին: Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս կ’ը սուի. «Օսմանեան կայսրութեան թուրք, քիւրտ, արաբ, հայ եւ այլ ազգութիւններու քաղաքացիներուն համար, անկախ անոնց կրօնական ու ազգային պատկանելութենէն, բարդ շրջան էր, լի դառն իրադարձութիւններով:
«Անընդունելի է 1915 թուականի իրադարձութիւնները իբրեւ պատրուակ եւ Թուրքիոյ հետ քաղաքական դիմակայութեան առարկայ օգտագործելը: Առաջին համաշխարհային պատերազմի իրադարձութիւնները մեր բոլորիս ընդհանուր ցաւն են: Ողբերգական իրադարձութիւնները պէտք է դիտարկուին «արդար յիշողութեան» տեսակէտէն: Այնպիսի անմարդկային իրադարձութիւնները, ինչպիսին մարդոց վերաբնակեցումն է, պէտք չէ խոչընդոտ դառնան թուրքերու եւ հայերու միջեւ յարաբերութիւններու հաստատման համար:
«Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը 1915 իրադարձութիւնները գիտական առումով հետազօտելու համար միասնական պատմաբաններու յանձնաժողով ստեղծելու կոչ ըրաւ: Այդ առաջարկը դեռ ուժի մէջ է: Թուրք, հայ եւ միջազգային պատմաբաններու համատեղ հետազօտութիւնը մեծ դեր կ’ունենայ 1915 թուականի իրադարձութիւններու լուսաբանման եւ պատմութեան ճիշտ մեկնաբանութեան գործին մէջ: Ուստի մենք բացած ենք մեր բոլոր արխիւները հետազօտողներու համար: Մեր արխիւներուն մէջ այսօր պահպանուող հարիւր հազարաւոր փաստաթուղթերը ներկայացուած են պատմաբաններու ուսումնասիրութեան: Թուրքիա, վստահօրէն նայելով ապագային, միշտ աջակցած է գիտական ու համակողմանի հետազօտութիւններուն` պատմութեան ճիշտ ընկալման համար: Յոյսով եւ հաւատով, որ նմանատիպ սովորութիւններ ու աւանդոյթներ ունեցող հին ժողովուրդները, որոնք միեւնոյն, բարդ աշխարհագրական տարածքին կը պատկանին, կրնան միասին ու արժանի կերպով յիշել իրենց անցեալն ու կորուստները: Մենք ցանկանում ենք, որ 20-րդ դարի սկիզբը զոհուած հայերու հոգիները խաղաղութեամբ հանգչին, իսկ անոնց թոռներուն կը յայտնենք մեր ցաւակցութիւնը: Մենք կը յիշենք Օսմանեան կայսրութեան բոլոր քաղաքացիները, ինչ կրօն ալ անոնք դաւանին եւ ինչ ազգութեան ալ պատկանին, որոնք զոհուեցան այդ շրջանին մէջ նման պայմաններու մէջ: Թող հանգչին խաղաղութեամբ»:
Մարտ 21-ին, խախտելով բոլոր միջազգային իրաւունքներն ու չափանիշները, թրքական կողմը գնդակոծեց Սուրիոյ հայաբնակ գիւղերն ու աւանները, իսկ յետոյ ճանապարհ բացաւ գրոհայիններու համար, որպէսզի անոնք գրաւեն հայկական բնակավայրերը: Գրոհայիններու յարձակումէն ետք մօտ 400 հայ ընտանիքներ (այլ տուեալներով մօտ 600 ընտանիք) Քեսապէն տարհանուած ու ապաստանած են Լաթաքիա, իսկ քանի մը մարդու ճակատագիրը անյայտ կը մնայ: Ապստամբները պղծած են Քեսապի եկեղեցին, թալանած են տուները ու քանդած են շարք մը կառավարական շէնքեր: Քեսապի հայերու շարքին զոհեր չկան: Շաբաթուան սկիզբը համացանցին մէջ տեղադրուեցած է Թուրքիոյ պաշտօնեաներու մասնակցութեամբ գաղտնի խորհրդակցութեան ձայնագրութիւնը, որուն ընթացքին կը քննարկուին Թուրքիոյ գաղտնի ծրագիրները Սուրիոյ վերաբերեալ:
Ըստ սուրիացի զինուորականներուն, մօտ 2,5 հազար գրոհայիններ ներխուժած են Սուրիա ոչ միայն Քեսապի վրայ յարձակելու նպատակով: Անոնք մտադիր էին զաւթել ռազմավարական նշանակութեան թիւ 45 բարձունքը: Անոնք յաջողեցաւ գրաւել զայն ընդամէնը 48 ժամով: Սուրիացիները կը պնդեն, որ այժմ բարձունքը կը վերահսկեն բանակայինները: Զինուորականները մտադիր են տարածաշրջանը ազատել գրոհայիններէն արդէն մօտ օրերուն: Լաթաքիոյ հիւսիսը բանակային ստորաբաժանումները կը վերահսկեն Ճապալ ալ Հարամիա շրջանը, որ կը գտնուի Ճէպալ ան Նասըր շրջանէն դէպի հարաւ:
Tert.am