Քեսապի դէպքերու կապակցութեամբ Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ Պատրիարքը ցաւակցութիւն յայտնած է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին
Քեսապի դէպքերու կապակցութեամբ Պատրիարք Քիրիլը իր ցաւակցութիւնները յայտնած է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին։
Առայժմ այդ մասին Մայր Աթոռի պաշտօնական կայքը չէ արտայայտուած :
Ապրիլ 29-ին Մոսկուայի Պատրիարքարանի Չստիէ Փրուտի ընդունարանին մէջ հանդիպում ունեցած են Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ պատրիարքը եւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը։ Հանդիպումին ներկայ եղած են Նոր Նախիջևանի եւ Ռուսաստանի թեմի առաջնորդ Եզրաս Արքեպիսկոպոս Ներսիսեանը եւ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ արտաքին եկեղեցական կապերու նախագահի տեղակալ Ֆիլարետ (Բուլեկով) արքիմանդրիտը: Բացի երկու եկեղեցիներու համագործակցութեան և երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերուն, երկու առաջնորդները քննարկած են նաեւ քեսպահայութեան խնդիրը:
Համայն Ռուսիոյ Պատրիարքը իր ցաւակցութիւնը յայտնած է Քեսապի և քեսապահայութեան հետ պատահած դէպքերու առիթով: Իր հերթին Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շնորհակալութիւն յայտնած է Պատրիարքին ցաւակցութեան համար, ինչպէս նաև անոր մոսկուայաբնակ հայ համայնքի նկատմամբ հոգատար վերաբերմունքին համար:
Աղբիւրը՝
www.armweeklynews.am