Սուրիական Բանակը Գրաւեց Գարատուրանի Ծովափը եւ Սահմանատունը
Այսօր լուսաբացին սուրիական բանակը իր վերահսկողութեան տակ առաւ Քեսապի Գարատուրան գիւղի ծովափը եւ սահմանային պահակատունը:
Ծովէն եւ Չալմային բարձրունքէն իրականացուած գոծողութիւնը նպատակ ունի փակել դէպի ծով ելքը զինեալներուն առջեւ: Զինուորական գործողութեան մասնակցած են սուրիական բանակի ծովային մասնայատուկ ուժերը, որոնք զինեալ խմբաւորումներու հետ բուռն բախումներէ ետք գրաւած են Գարատուրանի ծովափը, տիրացած են Գարատուրանի սահմանակէտին եւ հոն բարձրացուցած է Սուրիոյ ազգային պետական դրօշը։
Այս մասին կը հաղորդեն արաբական եւ սուրիական լրատուամիջոցները: