Քեսապի Հայերու Տուները Թալանողները Թրքերէն Կը Խօսին
ՏԵՄՈՔՐԱԹ ՀԱՊԵՐ»
Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմադիր լրատուամիջոցները աշխուժօրէն կը լուսաբանեն Քեսապի շուրջ վերջին իրադարձութիւնները:
Մասնաւորապէս թրքական «Տեմոքրաթ Հապեր» լրատուական կայքը, յղում կատարելով քեսապահայերէ ստացուած տեղեկութիւններու` կը յայտնէ, թէ Քեսապէն հեռացած հայերու տուները թալանող յանցագործները թրքերէն կը խօսէին:
Թերթը ապա կը մէջբերէ Քեսապի բնակչուհի Անի Պոյմուշակեանի վկայութիւնը, թէ ինչպէ՛ս ան հեռաձայնած է Քեսապի հայկական աւետարանչական եկեղեցի, ուր իրեն պատասխանած են թրքերէնով: Այլ հայու մը եւս թրքերէնով պատասխանած են, երբ ան Լաթաքիա հասնելէ ետք հեռաձայնած է Քեսապի իր բնակարանը: