Քեսապէն Դէպի Վաքըֆը Տարուած Քեսապցիներու Վկայութիւնները. «Ակօս»-ի Անդրադարձը
Սուրիոյ Քեսապ աւանի տարեց հայերը, ընդդիմադիրներու կողմէ Թուրքիա բերուելով, տգեղ ցուցադրութեան մը մասնակիցները դարձան: Թրքական թերթերը զարդարեցին «Թուրքիան գրկաբաց ընդունեց հայերը» վերնագիրները: Վաքըֆլը գիւղ այցելած «Ակօս» թերթի յօդուածագիր Կարին Քարաքաշլըն հանդիպած է Քեսապէն Թուրքիա բերուած սուրիահայերու հետ եւ գրած է իրական պատմութիւնը: Յօդուածագիրին արձանագրած պատմութիւնները Tert.am-ը թարգմանաբար կը կը ներկայացնէ մաս-մաս:
Մաս 1
«Նախ զէնքի ձայն, յետոյ աղաղակներ ու երկինքին մէջ թռչելով հեռացող թռչուններու երամ… Երբ Քեսապ կ’ըսեմ առաջինն այդ պատկերը կու գայ աչքիս առջեւ:
Հայերն ու Քեսապը հազարամեակներու համատեղ պատմութենէն ետք բաժանուեցան: Սուրիոյ մէջ պատերազմի ընթացքին անգամ դրախտ յիշեցնող եւ Հալէպի եւ այլ քաղաքներու ռումբերու տեղումներէն փախչողներու ապաստան Քեսապը այժմ ուրուական քաղաք է: Մինչեւ վերջին պահը հայաբնակ աւանին մէջ մնացած մօտ 40 տարեց հայերու կէսը այժմ Վաքըֆլը գիւղ կը գտնուին:
Կ’ըսեն` պատմութեան քմահաճոյքով այսպէս պիտի հանդիպէինք: Այս երկու գիւղը նոյն պատմութեան եւ նոյն աշխարհագրութեան շարունակութիւնն են: Հայերէնի նոյն բարբառով կը խօսին, կը հասկնան զիրար: Մեծ քաղաքներու երազանքը` նարինջի եւ կիտրոնի այգիներով Վաքըֆլը գիւղը, ապաստան դարձած է:
Ուղեղիս մէջ 21 տարբեր պատմութիւններ են: Մեծ քաղաքականութեան եւ փոքր դաւերու զոհ են այս մարդկոցմէ իւրաքանչիւրը:
Անոնց խօսափող չեմ պարզեր: Կը փորձեմ նստիլ անոնց մօտ, լսել, հասկնալ, հասկցնել կը ցանկնամ: Երբ անոնք կը խօսին, ակնյայտ կը դառնայ Թուրքիոյ բացայայտ դերը ընդդիմադիրներու` «հայերուն վնաս չենք տուած» տեսարանին մէջ:
Ով որ կրցած է փախչիլ փախած է, իսկ մնացողներուն տարուած են ագարակ մը, ուրկէ ալ դէպի սահման եւ Վաքըֆլը գիւղ բերուած են: Քեսապահայերը պատմեցին Ագարակին մէջ ամէն վայրկեան մահուան սպասելու երկու շաբթուան ընթացքին, վերջ չունեցող ճանապարհի, նախկին կեանքի մանրամասներութիւններու մասին:
Երեք եղբայրներ են Յակոբ, Ասպետ, Բաբկէն Ճուրեանները:
Եղբայրներուն կանաչաչեայ մօրը` Գարունին, կը հանդիպիմ իր կացարանին մէջ: Ծնունդով Քեսապէն եղբայրները որոշ ժամանակ Լիբանան ապրած են, սակայն պատերազմի պատճառով լքած են զայն: Քեսապի մէջ հողագործութեամբ զբաղած են: Պարոն Յակոբը կը պատմէ. «Մեր տունը, հողը ձգեցինք: Ես 75 տարեկան եմ, այս տարիքէն ետք մուրացկա՞ն պիտի դառնամ: Այստեղ, փա՛ռք Աստուծոյ, մեզմով կը զբաղին, բայց մենք վարժ չենք, որ մեզի կերակրեն: Մենք աշխատիլ կ’ուզենք»:
Ասպետ Ճուրեանը կը շարունակէ. «Երէք տարի է յարձակման մասին խօսակցութիւններ կային: Վերջին շաբաթուան ընթացքին Facebook-ի մէջ լուրեր եղած են, որ պիտի գրաւեն զայն: 15 օր առաջ երեկոյեան ռմբակոծութիւն սկսաւ: Ուրբաթ օրը սաստկացաւ, եւ մեքենայ ունեցողները փախան: Թէ ինչ տեղի ունեցաւ յետոյ, չհասկցանք, հրթիռները տուներուն կը հասնէին: Հեռախօսն ու համացանցը անջատուեցին: Կիրակի առաւօտեան դուռը զարկին: Բոլորը երկար մօրուքներ ունէին: Դուռը կտրելով` պահանջեցին ձեռքերը վեր բարձրացնել: Մեզի խումբերով հաւաքեցին այնտեղ: Ես վիրահատուած էի, եւ խնդրեցի թոյլ տան տուն երթամ եւ դեղս բերեմ: Ուրիշ ոչինչ չկրցանք վերցնել: Տունը տակնուվրայ ըրած էին, դուռը կոտրած եւ ներս մտած էին մոտոցիկլետով, պենզին հոսած էր գետնը: Դուռ-պատուհանները կոտրուած էին: Անկէ ետք այլեւս տունը չտեսանք»:
Յետոյ բոլոր քեսապցիները տարին Հալէպի ճանապարհին Տամայ բնակավայրին մէջ գտնուող ագարակ մը, ուր ամբողջութեամբ դատարկ եղած է: Այնտեղ անոնց ծածկոցներ տուած են, կերակրած են եւ պահած 15 օր: Այդ ընթացքին իսլամութիւնը ընդունելու բազմաթիւ կոչ-յորդորներ հնչած են: Նախ խոստացած են, որ բոլորին Քեսապ` իրենց տուները կ’ուղարկեն: Յետոյ հանած են ագարակէն, տարած են Կաթողիկէ եկեղեցի, նկարահանած:
Յետոյ ոչինչ թոյլ չեն տուած վերցնել, անձնագիրները բռնագրաւած են, եւ զանոնք տարած են Թուրքիա:
Բաբկէն Ճուրեանի լիբանանահայ կինը` Նուարդը, մտահոգ է: 23 ամեայ որդուն` Գէորգին, զինեալները տարած են, եւ ոչ մէկ տեղեկութիւն ունի անոր մասին:
Եսայի Այնթապլեանը քրոջ` Սիլվայի, կնոջ` Յասմիկի եւ 35-ամեայ դստեր` Անի Այնթապլեանի հետ Վաքըֆլը եկած է: «Սուրիոյ մէջ խնձորի այգիներ ունիմ: Կնոջս հետ 11 խնձորենի տնկելով սկսանք, 2 գեղեցիկ այգի ստեղծեցինք»,-կ’ըսէ հպարտութեամբ:
«Երբ պայթիւնները տեղի ունեցան, մեր ոչխարները լերան վրայ կ’արածէին: Ատկէ առաջ օդանաւին իյնալը տեսանք: Յետոյ «Ալլահ ու աքպար» վանկարկումները լսեցինք, եւ զինեալները մտան: Պոռացին, որ աղջիկս ծածկէ գլուխը: Հարցուցին` զէնք ունի՞նք: Բջիջայինները հաւաքեցին, եւ մեզի այդ ագարակը տարին: «մի՛ վախնաք, մենք հայերուն դէմ ոչինչ ունինք: Մեր կռիւը ալեւիներու հետ է: Եթէ անգամ հայրս ալեւի ըլլայ, կը սպաննեմ»` կ’ըսէին: Վերադարձի ճանապարհին մեզի Կաթողիկէ եկեղեցին մտցուցին: «Կը տեսնէք, մաքրած ենք եկեղեցին: Միայն խաչը իջեցուցած ենք»` ըսին: Հարցուցի` ինչու, կեղտո՞տ էր եկեղեցին: Պատասխան չտուին: Եկեղեցին մէջ մենք «Տեր ողորմեա» կ’աղօթէին, իսկ հեռուստաընկերութիւնները կը նկարահանէին: Յետոյ մեզի բերին Թուրքիա»,-կը պատմէ Եսայի Այնթապլեանը:
Տունէն դուրս չեկող Անահիտ Ահարոնեանի եւ Ներսէս Թանգուկեանի մօտ կ’երթամ: Տարեց կին մըն ալ պառկած է: Թէ ինչպէ՞ս այս տարեց մարդիկ մնացած են այդ ագարակին մէջ, առանձին թեմա է: Տիկին Անահիտը ցոյց կու տայ պարոն Ներսէսին ոտքերը:
«Լաւ կամ վատ կը քայլէր ձեռնափայտով: Օրեր շարունակ աթոռին նստելէն եւ գետինի յատակին քնելէն տես` ինչպէս ուռած են ոտքերը: Խնդրեցինք, որ սպաննեն մեզ, ըսին` չեն ըներ: Մեզի գրկելով զոռով մեքենաները նստեցուցին»,-կը պատմ ան:
Մաս 2
Զաւէն Յովսէփեանը 35 տարուան շինարար եւ պարտիզպան է: զայրացած է, որ իրենց բնակավայրը մէկ ակնթարթի մէջ դատարկուեցաւ, եւ հայերը այդ վիճակին յայտնուեցան:
Իրաքցի կնոջը կորսնցնելէ ետք, դուստրն ալ, իր խօսքով, օտարի հետ ամուսնացած է: ԱՄՆ գտնուող եղբայրներուն հետ կապը կտրուած է վերջերս: Երազանքը Հայաստան մնացած է. այնտեղ հասնիլ կը ցանկանայ: «Երկու պապերս անապատներու մէջ մահացած են»,- կ’ըսէ ան:
Մտքով Քեսապի մէջ հիմնադրուած թանգարանն է. «Աշխարհի 4 կողմերէն հայկական մշակոյթի բեկորներ բերած էին, իսկ այժմ Քեսապը կտոր-կտոր եղաւ»:
Այդ մասնատման բեկորները այժմ Վաքըֆլը գիւղի մէջ կը գտնուին: Թուրքիոյ հայ համայնքը` հայրենակիցներուն ձեռք մեկնելու ժամանակն է: Այդ նպատակով հաշուեհամար բացուած է: Ի հարկէ, այս պատմութիւններով մարդոց նիւթապէս օգնել հնարաւոր չէ, սակայն ինծի «յանձնուած» պատմութիւնները ատիկա կը հրամայեն:
Դիմաւորելու ատեն ոտքի կանգնող տղամարդը ինծի Մարք Շագալի կտաւներու երկար դէմքով, խորը նայուածքով տղամարդոց կը յիշեցնէ: Մովսէս Արաբեանն ու քոյրը` Մարթա Արաբեանը, ձմրան ամիսները Լաթաքիա, իսկ ամառը միասին Քեսաբ կը մնային: Մարթա Արաբեանը գաղթի ճանապարհին կորած դեղերը կը փնտռեր: Գլխապտոյտ ունենալու պատճառով ձեռնափայտով կը շրջէր: Իսկ Մովսէս Արաբեանը կ’ըսէ.«Հայաստան եւ ԱՄՆ հարազատներ ունինք: Զիս այս մազ-մօրուքով թող չտեսնեն»,-եւ թոյլ կու տայ միայն ետեւէն լուսանկարել զինք:
Քոյր եւ եղբայր որոշած են, որ մինչեւ իրենց ճակատագիրը վճռուի, ի նշան բողոքի իրենց ամենահին հագուստները պիտի հագնին:
Աւելի ուշ պարոն Մովսէսին Վաքըֆլը գիւղը ուսումնասիրելու ընթացքի մէջ գտայ: Կ’ըսէ` Քեսապ ալ յաճախ այսպէս քալելու կ’երթար: Տեղը չի գտներ: Շաբաթ օրը, երբ պատրաստուած են Լաթաքիա իրենց տունը երթալու, զինեալները իրենց տուն ներխուժած են: Եւ սկսած է երկար ճանապարհը…
Երբ ըսի, որ քոյրս չի կրնար քալել, մեզի մեքենայով տարին հալէպցի մարդուն ագարակը: Գիշերը ցուրտ էր: Տունս մէկ քիլոմեթր հեռու էր: Ուզեցի երթալ տունէն կօշիկ եւ վերնազգեստ բերել: Իմ հետս մէկը ուղարկեցին: Տունէն երկու փոքրիկ կապոց վերցուցի, եւ մեզի դարձեալ ագարակ տարին»,- կը պատմէ ան:
Անոր խօսքով` գորգերով ծածկուած յատակով ագարակին մէջ ո՛չ բազմոց կար, ո՛չ աթոռ, կանայք եւ տղամարդիկ երկու խումբի բաժանուած են, եւ երկուքական ծածկոց ստանալով` ապրած են 2 շաբաթ: «Հինգ անգամ նամազ կ’ընէին, մեզի ալ կ’ըսէին` ինչո՞ւ չէք աղօթեր: Ես ալ ըսի, որ օրը երեք անգամ եւ Կիրակի օրերը եկեղեցին կ’աղօթեմ: Անոնք կ’ըսէին, որ Քրիստոս Աստուծոյ որդին չէ, եւ խաչը կոտրեցին»,- կը պատմէ ան:
Մովսէս Արաբեանը կը խօսի կապոցներէն մէկուն մասին, որ բռնագրաւած էին իրմէ: «Մէջը տետրեր եւ այլ բաներ ունէի»,-կ’ըսէ ան:
Քոյր եւ եղբօր մարմինը այստեղ է, բայց սիրտը մէկ վայրկեան առաջ Լաթաքիա վերադառնալ կը ցանկայ: Մովսէս Արաբեանը կ’եզրափակէ. «Օր մըն է կ’անցնի, գերի մարդը ի՞նչ կ’ուզէ…»:
Սերոբ եւ Ծովինար Սուլեաններուն երեկոյեան կը հանդիպիմ: Եկեղեցւոյ ժամկոչն է Սերոբ Սուլեանը: Հաստ, ճերմակ բեխերով, բուրդէ թասակով այդ մարդը կարծես Ուիլիըմ Սարոյեանի ստեղծագործութիւններէն յայտնուած է:
Ցնցումէն ետք, գուցէ իր կեանքի ամենանշանակալից դրուագները յիշելով, կը սկսի զրոյցը: «1961-68թթ.-ին ուղիղ 7 տարի զինծառայութիւն ըրած եմ Սուրիա»,-կ’ըսէ եւ կը յիշէ կարեւոր յաջորդ դրուագը,-«10 տարեկան էի, եկեղեցական շապիկ հագայ եւ պատարագի մասնակցեցայ: Այդ օրուընէ ի վեր եկեղեցին եմ: Մեր եկեղեցւոյ հովիւը Հալէպէն կու գար: Անոր երթալէն ետք ես տիրութիւն ըրի ամէն ինչին»:
Կինը` Ծովինարը, ուսուցչուհի է: Երկու տարի ետք թոշակի պիտի անցնէր: Դէպքերը սկսելուն օրը ուսուցիչներու եւ մայրութեան օրուան հետ համընկած է:
Զինեալներուն կողմէ գերութեան օրերը պատմելու ընթացքին աչքերը կը լեցուին, կը կարմրին: «Մահն ամէն վայրկեան մեր մաշկին վրայ զգացինք: Չեչեն, լիպիացի, եգիպտացի, վահապի, խառն էին: Քեսապի տան երկրորդ յարկէն գտած Աստուածածնի արձաններն ու խաչերը բոլորը բերին մեր աչքին առջեւ կտոր-կտոր ըրին: Օրեր անց, երբ մեզի Կաթոլիկներու եկեղեցի կը տանէին, տեսայ, որ փողոցներուն մէջ ո՛չ թռչուններ մնացած են, ո՛չ կատուներ: Ծառերն անգամ սեւցած են»,- կը պատմէ ան` զայրոյթով սրբելով արցունքները:
«Դպրոցին կողմը չկրցայ նայիլ: Մութ էր, չտեսայ: Երեխաները դեռ երազս կը տեսնեմ»,-կ’ըսէ ու կը կախէ գլուխը: Ապա կը շշնջայ. «Տէր Աստուած, ո՞ւր էիր արդեօք…»: