Ցեղասպանութեան 99-Ամեակի Նշում Լաթաքիոյ Մէջ

Հինգշաբթի, 24 ապրիլ 2014-ին Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին նուիրուած Ս. պատարագ, ապա եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Մեծ եղեռնի յուշակոթողին դիմաց հոգեհանգստեան պաշտօն` հոծ բազմութեան ներկայութեան:

Այնուհետեւ ներկայ ժողովուրդը բարձրացաւ «Արարատ» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ Լաթաքիոյ հայկական միութիւններու համատեղ աշխատանքով կազմակերպուած Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկը:

Հանդիսավար Հուրի Տէիրմենճեան-Գարամարտեան ներկայացուց բացման խօսքն ու յայտագիրը:

Արաբերէն լեզուով բացման խօսքով հանդէս եկաւ տոքթ. Յովհաննէս Խաչատուրեան:

Գեղարուեստական յայտագիրով Պերճ Երէցեան մեներգեց Գուսան Աշոտի «Ձախորդ օրերը» երգը, ապա ելոյթ ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի «Գարուն» երգչախումբը, խմբավարութեամբ` Պերճ Երէցեանի: Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն»-էն «Ղօղանջ եղեռնական» քերթուածը, իսկ Դուին Նազարեան Սիամանթոյի «Ես երգելով կ՛ուզեմ մեռնիլ» քերթուածը:

Ժանօ Մանճիկեան դաշնակի վրայ մեկնաբանեց «Կիլիկիա» երգը, իսկ Վագօ Կարճիկեան մեներգեց «Զարթիր որդեակ»-ը: Այնուհետեւ Պատանեկան միութենէն խումբ մը պատանիներ ներկայացուցին «Ճակատագիր» խորագիրով թատերական ներկայացում մը` նուիրուած հայ վրիժառու բազուկներուն եւ նուիրեալ ու մարտունակ հայ երիտասարդներուն: ՍԵՄ-ի «Կայծակ» մասնաճիւղի անդամները հանդէս եկան «Մուշ» հայկական պարով:

Օրուան բանախօսն էր այս առիթով Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանէն յատուկ ժամանած Արտակ աբեղայ Արապեան, որ Ցեղասպանութեան համառօտ նկարագրութիւնն ու հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան հիմքերը ներկայացնելէ ետք շեշտեց, թէ Սուրիոյ տագնապի օրերուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսն ու Կիլիկիոյ թեմը միշտ նեցուկ կանգնեցան ու պիտի շարունակէ կանգնիլ սուրիահայութեան եւ այս օրերուն յատկապէս քեսապահայութեան:

Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեան:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Գառնիկ քհնյ. Չափանեանի պահպանիչով:

2404latakia1Երեկոյեան, ՍԵՄ-ի «Կայծակ» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ եւ «Շանթ» մասնաճիւղի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ ոգեկոչական ձեռնարկ մը Լաթաքիոյ ՍՕԽ-ի ակումբին մէջ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարիա Նազարեան, որ կոչ ուղղեց երիտասարդութեան` տէր կանգնելու պատմական մեր իրաւունքներուն:

Ձեռնարկի ընթացքին գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան հետեւեալ անդամները` ազգային երգերով ելոյթ ունեցաւ Դանիէլ Դանիէլեան, կիթառի նուագակցութեամբ` Ռազմիկ Մելքոնեանի, ինչպէս նաեւ Նարեկ Առաքելեան: Ճէյմս Պետիրեան ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Ահաւոր բան մը» քերթուածը, ՍԵՄ-ի «Կայծակ» մասնաճիւղի անդամները ներկայացուցին «Մուշ» պարը:

Այնուհետեւ խումբ մը երիտասարդներ ներկայացուցին Ա. Ահարոնեանի «Վազրիկ» պատմուածքին բեմականացումը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ Գառնիկ քհնյ. Չափանեանի պահպանիչով:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>