ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Խօսած Է Քեսապի Մասին

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն մտահոգութիւն յայտնած է Քեսապի վերաբերեալ տարածուած լուրերուն մէջ գոյութիւն ունեցող մահապատիժներու սարսափելի տեսարաններուն առնչութեամբ:

«Հակառակ անոր որ ՄԱԿ-ը չի կրնար ստուգել հաղորդուող վայրագութիւններու իսկութիւնը, սակայն մարդու իրաւունքներուն նկատմամբ աճող բռնութիւնները անհերքելիօրէն կը շարունակուին, եւ ամբողջ գիւղերու բնակիչներ, ինչպէս` օրինակ, Քեսապի մէջ, ստիպուած կ՛ըլլան փախչիլ», ըսուած է ՄԱԿ-ի հաղորդագրութեան մէջ:

Պան Քի Մուն կը նշէ, որ Սուրիոյ կառավարական ուժերը կը շարունակեն ամբողջ թաղամասեր աւերել: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը նաեւ մտահոգութիւն կը յայտնէ, որ կազմակերպութեան կողմէ ահաբեկչական նկատուած խմբաւորումները կը շարունակեն վայրագաբար յարձակիլ քաղաքային բնակչութեան վրայ:

Պան Քի Մուն մտահոգիչ նկատած է Սուրիոյ մէջ շարունակուող տագնապին ընթացքին վայրագութիւններու վերաբերեալ հաղորդագրութիւնները եւ կոչ ուղղած է հակամարտող կողմերուն եւ անոնց աջակիցներուն պաշտպանելու քաղաքայինները` անկախ անոնց կրօնական, համայնքային եւ ազգային պատկանելիութենէն:

«Թէ՛ Սուրիոյ կառավարութիւնը, թէ՛ զինեալ խմբաւորումները իրաւական եւ բարոյական պատասխանատուութիւն ունին այդ ընելու: Անոնք պէտք է ընեն իրենց կարելին` խուսափելու եւ կանխարգիլելու բռնութիւնները քաղաքացիներու նկատմամբ, ներառեալ` հրետակոծումներն ու օդային հարուածները քաղաքային տարածքներուն մէջ», ըսած է ան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>