Քեսապի Հայերու Այսօրուան Տեղահանութիւնը լրջագոյն Մարտահրաւէր է. Սերժ Սարգսեան

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Քեսապի իրադարձութիւններու մասին Հաագայի համաժողովներու կեդրոնէն ներս հանդէս եկաւ մամուլի համար յայտարարութեամբ, ուր մասնաւորապէս ըսուած է,-
«Մենք բոլորս շատ լաւ ենք յիշում Քեսապի պատմութիւնը, որը վերջին հարիւրամեակի ընթացքում, ցաւօք, հարուստ է հայերի տեղահանման դժոխային իրողութիւններով”: Ան նշած է, որ առաջին ծանր պատուհասը Քեսապի շրջանին համար 1909 թուականին էր, երբ Ապրիլին թրքական զինուած ուժերը ներխուժեցին Քեսապ: Հայերը ապաստանեցան Գարատուրանի լեռներուն եւ ծովեզերքին մէջ: Քեսապը հրկիզելէն ու թալանելէն ետք՝ թուրքերը ուղղուեցան Գարատուրան, այրեցին ու կողոպտեցին վերին թաղի տուները: Հայերը ֆրանսական փոխադրանաւով տեղափոխուեցան Լաթաքիա: Գաղթականները մօտ մէկ տարի Լաթաքիոյ մէջ մնալէն ետք վերադարձան Քեսապ եւ վերակառուցեցին իրենց տուները: «Քեսապի հայերի այսօրուայ` թուով արդէն երրորդ տեղահանութիւնը ազգային փոքրամասնութիւնների պաշտպանութեան 21-րդ դարի մեխանիզմներին նետուած լրջագոյն մարտահրաւէր է: Կարծում եմ` բոլորը պէտք է գիտակցեն, որ ինքնըստինքեան առաջ եկող զուգահեռները սթափեցնող պէտք է լինեն բոլոր կողմերի համար”,- ըսած է Սերժ Սարգսեան: Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Սուրիոյ իշխանութիւններուն` այս ծանր պահուն քեսապահայութեան պաշտպանութեան համար ձեռնարկուող քայլերուն համար: «Ես արդէն յանձնարարել եմ ՄԱԿ-ի` Նիւ Եորքի եւ Ժընեւի գրասենեակներում Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններին` հետամուտ լինել մարդու իրաւունքների եւ ազգային փոքրամասնութիւնների հարցերով մասնագիտացուած կառոյցներում Քեսապի հայութեան անվտանգութեան երաշխաւորման եւ նրանց բնակութեան մշտական վայրեր ապահով վերադարձի խնդիրներին”,- ըսած է ՀՀ նախագահը: Ստեղծուած իրավիճակին մասին Հանրապետութեան նախագահը այսօր խորհրդակցած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Առաջին կաթողիկոսի հետ: Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հաւաստիացումով, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը կ’աշխատի քեսապահայութեան աջակցելու համար անհրաժեշտ քայլերու ծրագիրին վրայ, որ պիտի իրականացուի ամբողջ ծաւալով:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>