Ծովափի Հայութեան Շտապի Օգնութեան Գործադիր Մարմինը Ոգի Ու Բռին Կ՛աշխատի Օժանդակել Քեսապէն Լաթաքիա Ապաստանած Հայութեան
Ուրբաթ, 21 մարտ 2014-ին Քեսապի վրայ եղած յարձակումին հետեւանքով Քեսապցիք ապաստան գտան Լաթաքիա, որոնցմէ մաս մը տեղաւորուեցաւ իրենց հարազատներուն մօտ, իսկ ուրիշներ Առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարակից սրահներուն մէջ, ուր ամէն տեսակի օժանդակութիւն ցուցաբերուեցաւ:
Ծովափի հայութեան (ԼԱԹԱՔԻԱ ՔԵՍԱՊ) շտապ օգնութեան գործադիր մարմինը, Սուրիական Կարմիր մահիկը, պետական կառոյցները, հայկական միութիւնները եւ եկեղեցին մեծ ջանքեր կը գործադրեն գաղթական քեսապահայութեան օժանդակութեան համար` անոնց բաժնելով ուտելիք, անկողին, ծածկոցներ եւ ամէնտեսակի կենսական նիւթեր: