«Ընդունիլ Որպէս Կոչ»

Սուրիոյ պատերազմի անցնող երեք տարիներու ընթացքին, թէեւ Քեսապը ապրեցաւ տագնապի ելեւէջները, սակայն Քեսապը համեմատաբար կը շարունակէր մնալ ապահով: Տեղի կ՛ունենային թափանցման փորձեր, զորս կը յաջողուէր ետ մղել:
21 Մարտ 2014ին սկսան հրաձգութիւնները, որոնք աստիճանաբար զարգացան: Առաւօտեան ժամը 5:45ին արդէն զինեալ խմբաւորումներ իրենց արձակազէնները զետեղած էին ու թրքական բանակին հրթիռով պայթեցուցին Կասիոս լերան բարձունքին վրայ գտնուող ամէնէն մօտ ոստիկանատունը, որ համարեայ թրքական զօրանոցին դէմ կը գտնուի եւ անցնող երկու տարուան մէջ այդ շրջանէն թափանցման ոչ մէկ փորձ պատահած էր: Հոն վիրաւորուեցաւ ոստիկանապետն ու նահատակուեցան շարք մը ոստիկաններ, ապա զինեալները թափանցեցին Սեւ Աղբիւր գիւղ եւ գրաւեցին երկու ոստիկանատուներն ու բարձրադիր տուներու վրայ զետեղեցին իրենց արձակազէններն ու սկսան կրակելու խաղաղ բնակչութեան վրայ եւ հրասանդեր արձակելու: Մինչեւ առաւօտեան ժամը 7:30ը արդէն մեծաթիւ ձեռաշէն հրթիռներ պայթեցան Քեսապի մէջ: Ապա անոնք յարձակեցան Լեղի æուր շրջանի եւ մաքսատան վրայ: Հոն ունէինք ապահովական ուժեր, սուրիական բանակը տեղակայուած էր թիւ 45 կէտին վրայ եւ ունէր իր կազմածները: Լեղի ջուր կոչուած շրջանն ու 45րդ կէտը Քեսապի մէջ կարեւոր դիրքեր են: Լեղի ջուրէն մինչեւ Գալատուրանի ծով՝ 25 քլմ. սահմանագիծ կ՛երկարի Թուրքիոյ հետ: Սահմանագիծին վրայ սուրիական երեք ոստիկանատուն կայ, ներառեալ մաքսատունը՝ շուրջ 100 ոստիկաններով միայն: 1952-53 թուականներէն Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ համաձայնութիւն գոյութիւն ունի, ըստ որուն սուրիական կողմը՝ միայն ոստիկանատուներով, թրքական կողմին հետ համատեղ պիտի պաշտպանէ Սուրիա-Թուրքիա սահմանը եւ ծանր հրետանի մը 5 քլմ. հեռու պիտի մնայ սահմանէն: Այս պատճառով ալ սուրիական բանակը ներկայութիւն չէր այդ շրջանին մէջ: Թուրքիան եւս նշեալ պայմանագիրով յանձնառու կ՛ըլլար հսկել սահմանն ու թոյլ չտալ զինեալ անօրինական թափանցումներուն: Սակայն Թուրքիան խախտեց արդէն նշեալ համաձայնագիրին պայմանները: Սուրիական բանակը անցնող տարիներուն շատ զգոյշ էր եւ վերապահ: Փաստօրէն, Քեսապի պարագային մենք մնացած էինք թուրքին քմայքին: Թուրքիան նախապէս զգոյշ էր, բայց այս անգամ ան բարացուցական կերպով օժանդակեց թափանցման, որովհետեւ զինեալները, քեսապցի ականատեսներու վկայութեամբ, ճիշդ թրքական զօրանոցներէն անցան: Լեղի æուրի եւ Կասիոսի բարձունքին վրայ թրքական կողմը ունի հսկայ հրթիռներու եւ ռատարներու կայան, որոնց տակէն անցան զինեալներն ու թափանցեցին Քեսապ: Քեսապի մէջ ամէնէն պարզունակ մարդն անգամ կը հաստատէ, որ թրքական կողմին յստակ օժանդակութեամբ զինեալները խուժեցին Քեսապ: Տեղւոյն համայնքի պատասխանատուները հայ բնակչութիւնը հաւաքեցին Էքիզօլուխի բարձունքին վրայ, ապահովական անցարգելին մօտ եւ հանգրուանաբար զանոնք ուղարկեցին աւելի ապահով վայրեր՝ Պասիթ, Լաթաքիա: Մինչ այդ բանակը հասաւ օժանդակելու եւ պաշտպանելու Քեսապը: Առաջին օրը մերթ հանդարտ, մերթ թէժ բախումներ տեղի կ՛ունենային: Սուրիական բանակը մինչեւ իրիկուն բաւական վնասազերծեց շրջանն ու դուրս մղեց զինեալները, եւ վերապաշարեց Սեւ Աղբիւրի եւ Քէմմէյի ոստիկանատուները. զինեալները սկսան տեղի տալու: Մարտ 22ին բախումները կրկին սաստկացան: Զինեալ խմբաւորումներ կրկին յարձակեցան այս անգամ թրքական օժանդակութեամբ, այս իրողութիւնը «Ճապհաթ Նուսրա», «Շամ ալ Իսլամ» եւ «Անսար Շամ» արմատական ծայրայեղ շարժումները իրենց կայքերուն վրայ հաստատած են, նշելով «եօթ ամիսէ ի վեր կը պատրաստուին այս օրուան՝ թրքական կողմէն խուժելու համար այս շրջանները»: Քեսապի բնակչութեան 90 տոկոսը պարպեց շրջանը: Գալատուրանի եւ Քեսապի մէջ մնացած էին 10-15 ընտանիք, որոնք բոլորը երէկ գիշեր լքեցին իրենց բնակարաններն ու հաստատուեցան Լաթաքիա: Վերջին իջնողները եղան լեռներու բարձունքներուն վրայ գտնուող մեր երիտասարդ տղաքը, որոնք կը հսկէին շրջանը: Քեսապ մնացին որոշ թիւով տարեցներ, որոնք չուզեցին լքել իրենց բնակարանները: Մինչեւ այս ժամը՝ Կիրակի, 23 Մարտ, կէսօրուան ժամը 12, տակաւին անոնք Քեսապ չէին մտած: Ապահովական ուժեր յայտնած են, թէ կացութեան տէրն են: Անոնք թափանցած են Էքիզօլուխի հարաւը, դաշտային բաժինը եւ Տիւզաղաճ գիւղը: Բանակը հակայարձակումի չէ անցած տակաւին եւ կը սպասէ յաւելեալ ուժերու: Թէժ մարտեր կ՛ընթանան Խրթպէթ Սըլաս եւ Պէյթ Ֆարէս շրջաններուն մէջ, ուրկէ կը փորձեն մտնել Պելան գիւղը: Եթէ թրքական միջամտութիւնը չըլլար, բանակը արդէն ետ մղած կ՛ըլլար ներխուժողները, որովհետեւ առաջին հանգրուանին բաւական ետ մղեց զանոնք: Զինեալները տեղացիներու վկայութեամբ, թրքական միջամտութեան շնորհիւ կրցան կրկին յառաջխաղացք արձանագրել: Քեսապի բնակչութիւնը այս պահի դրութեամբ հաւաքուած է Լաթաքիոյ դպրոցին ու եկեղեցւոյ մէջ: Շուրջ 670 հայ ընտանիք (90 տոկոս բնիկ քեսապցի), որոնք Քեսապ եկած էին ժամանակաւորապէս Եագուպիէէն, Ռաքքայէն եւ Հալէպէն, այժմ կը գտնուին Լաթաքիա: Տեղահանուած բնակիչներուն կ՛օժանդեն Սուրիական Կարմիր մահիկ կազմակերպութիւնը, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը, Յոյն Օրթոտոքս եկեղեցական կազմակերպութիւնը: Քեսապի երեք համայնքներու հովիւները եւս Լաթաքիոյ եկեղեցւոյ մէջ են: Շրջանի նահանգապետն ու առողջապահական պետական գրասենեակի տնօրէնը եւս այցելած են տեղահանուած ժողովուրդին: Լաթաքիոյ եւ Քեսապի Շտապ օգնութեան մարմինները միացուցած են իրենց ճիգերն ու կը փութան ժողովուրդի օգնութեան եւ կենցաղային էական կարիքներու ապահովման: Միջազգային պաշտօնական աղբիւրները այսօր կը հաստատեն թրքական կողմին ուղղակի դերակատարութիւնը Քեսապի վրայ գործուած ներխուժման: Քեսապ ներխուժումը նորագոյն փաստն է սուրիական պատերազմին մէջ Թուրքիոյ ունեցած դերակատարութեան: Թուրքիան քաղաքական սեփական ծրագիր կը մշակէ հակահայ գործունէութիւն ծաւալելու: Հարկաւոր է, որ այսօր համայն աշխարհի հայութիւնը ողջ աշխարհին բացայայտէ թրքական հայատեաց քաղաքականութիւնը Սուրիոյ մէջ: Այս պէտք է ընդունիլ որպէս կոչ: ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆեԱԿ, – ՀԱԼԷՊ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>