Քեսապը Զինեալներու Ներթափանցման Ենթարկուեցաւ
21 Մարտի առաւօտեան կանուխ ժամերուն Քեսապը եւ իր շրջակայ գիւղերը ենթարկուեցան զինեալներու յարձակումին:
Զինեալները Քեսապ ներթափանցելու համար օգտագործած են թրքական սահմանին վրայ գտնուող կեդրոնները: Սուրիական պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ մեծ թիւով զինեալներ յարձակում գործած են Քեսապի շրջանին վրայ, ուր սուրիական բանակը հակադարձած է, եւ ծանր բախումներ տեղի ունեցած են: Քեսապցիք լքեցին Քեսապը եւ ապաստանեցան Լաթաքիա: Սահմանային ոստիկանատուներուն վրայ իրականացուած յարձակումներուն հետեւանքով արձանագրուած են զոհեր եւ վիրաւորներ: Աւելի ուշ սուրիական օդուժը հարուածեց զինեալներու կեդրոնները Քեսապի մէջ: Յարձակումը իրականացուցած են Ժապհաթ Նուսրա եւ Իսլամական ճակատ խմբաւորումները: Ընդդիմադիր զինեալներ ամիսներէ ի վեր համախմբուած էին նշեալ գօտիին վրայ, անոնք Իտլիպէն, Ժապել Զաուիյէէն եւ այլ շրջաններէն հեռացած էին: Սուրիական զօրքը թէեւ այդ շրջանին մէջ ներկայութիւն էր սակայն ոչ բաւարար թիւով: Երէկ սակայն անմիջապէս սուրիական բանակի յաւելեալ ջոկատներ հասած են շրջան: Միւս կողմէ, բանակը Պասիթի Ճանապարհը փակած է յանուն բնակչութեան ապահովութեան: Սուրիական զօրքը արդէն կը շարունակէ ընդդիմադիր զինեալներու կարեւոր կէտերը հարուածել եւ կը պաշտպանէ աւանը` նահանջի մղելով ընդդիմադիրները: Երէկ երեկոյեան Լաթաքիոյ շտապը հաղորդեց, որ Քեսապի հայ բնակչութիւնը գրեթէ պարպուած է շրջանէն: Քեսապի հայերուն մեծամասնութիւնը ապաստանած է Լաթաքիոյ իրենց հարազատներուն մօտ կամ քաղաքի հայկական եկեղեցւոյ բակը: Սուրիական Կարմիր մահիկը, պետական կառոյցներ, հայկական միութիւններ եւ եկեղեցին մեծ ջանքեր կը գործադրեն գաղթական քեսապահայութեան օժանդակութեան համար` անոնց բաժնելով ուտելիք եւ ծածկոցներ: Սուրիական պաշտօնական լուրեր երէկ երեկոյեան հաստատեցին, որ Սուրիա-Թուրքիա սահմանային կէտերէն ներթափանցում կատարուած է թրքական տարածքէն դէպի Լաթաքիոյ արուարձանը: Բանակային ուժերը հակազդած են Լաթաքիոյ հիւսիսային արուարձանին մէջ գտնուող սահմանային անցումային կէտերէն ներթափանցող զինեալ խմբաւորումներուն. սպաննուած է յարձակող Ժապհաթ Նուսրա խմբաւորումի ղեկավարը: Օրուան երկրորդ կիսուն, բուռն բախումներէ ետք, սուրիական բանակի ուժերը կարողացան իրենց վերահսկողութեան տակ առնել սահմանային անցքը եւ շրջանի անցումային անցարգելի կէտը` նահանջի մղելով զինեալները դէպի թրքական տարածք եւ ձախողութեան մատնելով զինեալներու յարձակումի փորձը: