Յարձակում Քեսապ Հայաւանի Վրայ
Թուրքիոյ կողմէ երեք սահմանային կէտերէ յարձակում գործուած է Քեսապի վրայ։ Յարձակումը սկսած է այսօր առաւօտեան ժամը 5:00-ին, բնակիչները ապաստանած են Էքիզօլուխ վտանգէն հեռու մնալու համար, մէկ մասը տեղափոխուած է Լաթաքիա։ Պասիթի մօտ երկու հրթիռ ինկած է։ Սուրիական զօրքը այժմ կը պաշտպանէ աւանը ետ մղելով զինեալները։ Բախումներու հետեւանքով զոհեր կան, անոնց մէջ հայեր չկան։ Քեսապի մէջ մարտերը կը շարունակուին։ Սուրիական օդուժը կը հարուածէ զինեալ խմբաւորումներու հաւաքատեղիները: Քեսապի վրայ յարձակումները յանձն առած են «Ալ Նասրա» եւ «Իսլամական ճակատ» ճիհատական խմբաւորումները։ Սուրիական բանակն ու զինեալ խմբաւորումներու միջեւ հակամարտութիւնը կը շարունակուի: Բնակիչները միանալով բանակայիններուն՝ զինեալներու բամբուշտներու տարափին տակ կը փորձեն հասնիլ Քեսապի սահմանային անցքը, որ ըստ ոչ ստոյգ տեղեկութիւններու այժմ զինեալներու հսկողութեան տակ է։