Քեսապցի Հ.Մ.Ը.Մ. ական եղբօր մասնակցութիւնը Պէյրութի Միջազգային Մարաթոնին

Մարմնամարզանքը ո’չ միայն կը մարզէ մարմինը այլ՝ կ՛ազնուացնէ հոգին եւ արթուն կը պահէ միտքը, ինչպէս կ՛ըսէ իմաստուն խօսքը « Առողջ միտքը, առողջ մարմինին մէջ»:

            Մեր Հ.Մ.Ը.Մ.-ական եղբայրը՝ եղբ. Յարութիւն Լնդեանը մարզանքի հանդէպ իր ունեցած  սէրը զարգացուցած է անձնական փորձառութեամբ եւ զօրաւոր կամքի հետեւանքով:

            Ան 1991 թուականէն սկսեալ հետեւած է շուէտական մարզանքի փորձերու, որմէ ետք անջատաբար կատարած է վազքի փորձեր, օրական մէկ կամ երկու ժամուան տեւողութեամբ: 27-5-2001ին վազած է Քէսապէն դէպի Լաթաքիա 55 քլմ. վազքը արձանագրելով  5.20 ժամուան ընթացքին:

            Պատկերասփիւռէն միշտ հետեւելով մարաթոնի մրցումներուն, այդ մէկը մէջը փափաք արթնցուցած է օրին մէկը մասնակցելու մարաթոնի մրցումի մը: Առիթով մը իմացած է Պէյրութի միջազգային մարաթոնին մասին եւ անյապաղօրէն արձանագրած է իր անունը  այս մրցաշարքին: Մարաթոնը՝ վազքի մրցում մըն է, որ տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի, կազմակերպութեամբ՝ Մէյ Խալիլ անունով Լիբանանցի տիկնոջ: Նպատակը եղած է բարեսիրական, իւրաքանչիւր մասնակցող ունի իրեն վստահուած նիւթական պարտաւորութիւնը, որ կը յատկացուի քաղցկեղի հիւանդներու բուժումին:

Եղբայրը առաջին անգամ մասնակցած է 2003 թուականին, անփորձ ըլլալով յաջողած է արձանագրել 4.25 ժամ: Երկրորդ մասնակցութիւնը բերած է հինգ տարի ետք 2008 թուականին, նկատի առնելով երկար բացակայութիւնը մրցումներէն՝ արձանագրած է 4.20 ժամ: Այդ ընթացքին որոշած է լուրջ փորձերու հետեւիլ եւ պէտք եղած արդիւնքին հասած է, երբ 2009  թուականին արձանագրած է  3.56 ժամ, իսկ 2010-ին մէկ վայրկեանի տարբերութեամբ արձանագրած է 3.55 ժամ, այս բոլորին վազքի միջոցը եղած է 42 քլմ.:

Իսկ 2011-ին անգամ մը եւս եղբայրը մասնակցած է  Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած միջազգային մարաթոնին, ուր 82 երկիրներէ իրենց մասնակցութիւնը բերած էին աւելի քան 31 հազար մարզիկներ, անոնց շարքին եղբ. Յարութիւն Լնդեանը: Հինգերորդ անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը բերաւ՝ գրաւելով 52 –րդ դիրքը 42,195 քլմ. վազքը արձանագրելով 3.16 ժամուան ընթացքին: Յստակ է թէ եղբայրը լուրջ փորձերու հետեւած է իր լաւագոյնին հասնելու նպատակով:

            Յաջողութիւն եւ քաջառողջութիւն կը մաղթենք եղբօր եւ կը յուսանք տարիներու ընթացքին կ՛արժանանայ առաջնակարգ դիրքին:

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի թղթակից

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>