ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԵՍԱՊԻ ՄԷՋ
Հայ Կաթողիկէ Միութեան (ՀԿՄ) կողմէ կազմակերպուած Ս. Ծննդեան նուիրուած հանդէսը տեղի ունեցաւ 23/12/2011ի գիշեր։ Հանդէսը սկսաւ ժամը ճիշտ 6.05ին ներկայութեամբ Քեսապի երեք համայնքապետերուն, 90ի մօտ ծնողներու եւ հարազատներու, որոնք եկած էին վայելելու իրենց զաւակներուն, թոռներուն ազգականներուն ներկայացնելիք երգերը, պարերը, արտասանութիւնները, թատրոնն ու նուագները։
Ծափողջոյներով դիմաւորուեցան ՀԿՄ ի Հրամանատար Ռեբեկա Պէօճիւքեանը , որուն հետեւեցան Խորհուրդի անդամներ Խաչիկ եւ Ալին Նազարեաններ, Արշօ եւ Տիգրան Սուլեաններ,Արարատ Մահտեսեան, Դալար Ճուրեան , ապա Գնդապետներ ՝ Վիգէն Բաբուճեան, Սեդրաք Սուլեան,Եզեկէլ Մահտեսեան,Հրակ Դանիէլեան,Ճորճ եւ Ճէնի Պէօճիւքեաններ,Սարին Քալլուկեան,Զարուկ Նազարեան: Հաճելի էր իրենց տարազներուն մէջ տեսնել մեր խնդումերես ՀԿՄի Պատանիները ՝ Անի, Յարութ եւ Մեղրիկ Սուլեաններ, Սագօ Պէօճիւքեան,Արա եւ Արաքս Նազարեաններ, Մարի Ճուրեան եւ Մովսէս Պէտրճիքեան: Ծափերուն առաւելագոյնը խլեցին ՀԿՄի Ջահակիրները՝Նորայր , Արմէն,Մինաս,Աստղիկ եւ Սերոբ Դանիէլեաններ, Նշան եւ Մեղեդի Պէտրճիքեաններ,Դալար Քալլուկեան,Կալին եւ Շանթ Նազարեաններ, Ճորճ Ճուրեան, Ժընեւ Պէօճիւքեան, Շիրազ Ադիքեան, Ստեփան Չափարեան, Նարին եւ Աննա Սուլեաններ եւ Սողոմոն Սարգիսեան:
Բեմին վրայ կատարելէ ետք Պատուի Արի արարողութիւնը Ռեբեկա Պէօճիւքեան մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան հրաւիրեց ներկաները , յարգելու համար յիշատակը այդ օր Տամասկոսի մէջ անարգ ահաբեկչութեան զոհ գացած տասնեակ սուրիացի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն: Ապա նուագուեցան Սուրիոյ, Հայաստանի եւ ՀԿՄի քայլերգները : Սարին քալլուկեան կատարեց բացման խօսքը, ուր ան անդրադարձաւ Յիսուսի ծննդեան անկիւնադարձային կարեւորութեան : Ան ըսաւ թէ մարդկութիւնը այսօր կը գտնուի մարտահրաւէրի առջեւ եւ պէտք ունի իրական փրկիչի մը , որն է Յիսուս Քրիստոս: Բեմ բարձրացան Մրջնիկները, (Մարտիրոս եւ Ճորճ Չափարեան , Վարդան եւ Վահագ Նազարեան, Նշան եւ Ալեքսան Սարգիսեան,Անթոնի Քիլաղպեան, Ռոզի Կիրակոսեան,Նշան Թրթռեան, Քարլա Ադիկեան, Ռուբէն եւ Քրիստ Դանիէլեան, Ժանօ եւ Էվա Պէօճիւքեան եւ Ներսէս Քէշիշեան. Հիւանդութեան պատճառով կը բացակայէր Յովակ Հայրապետեան): Մրջնիկները երգեցին հոգեւոր երգեր ՝ Եկուր եկուր ով Տէր Յիսուս, Խաղաղութիւն էր բերէր եւ Ինծի սէրդ սորվեցուր , ու պարեցին «Մագարէնան» ու «Ճինկլ Պէլզ» ը: Զարուկ Նազարեան արտասանեց «Կարօտ»ը որմէ ետք խումբով արտասանեցին նախ Սողոմոն Սարգիսեան եւ Նորայր Դանիէլեան զոյգը ապա Դալար Քալլուկեան, Ժընեւ Պէօճիւքեան,Կալին Նազարեան եւ Ստեփան Չափարեան քառեակը: Օրկի վրայ դասական եղանակներով հանդէս եկան Մարի Ճուրեան , Մեղեդի Պէտրճիքեան եւ Արմէն Դանիէլեան: Պատանիներ՝ Մարի Ճուրեան եւ Մովսէս Պէտրճիքեան ներկայացուցին փոքր սքէչ մը ՝ «Դժգոհ Ամուսին»ը ,որմէ ետք Ջահակիրներու խումբը ներկայացուց Հայկական պար մը: Սերոբ Դանիէլեան արտասանեց հայրենաշունչ բանաստեղծութիւն մը , որուն յաջորդեց Ազգային խմբերգներ ՝ Լեռներ Հայրենի, Լերան լանջին, Հզօր Բանակ, Ով քաջ սպարապետ, Հզօր Հայաստան դառնանք, Հայրենիք եւ Միասնութեան շուրջպար բռնենք , մասնակցութեամբ բոլոր ՀԿՄականներուն: Կիթարով եւ Օրկով ելոյթ ունեցան Մինաս, Հրակ , Արմէն Դանիէլեաններ եւ Մովսէս Պէտրճիքեան : Ներկայացուեցաւ սքէչ մը՝ «Իմաստալից Առակը» Յարութ եւ Անի Սուլեանի, Արա եւ Շանթ Նազարեանի, Մինաս Դանիէլեանի, Սագօ Պէօճիւքեանի կողմէ: Վրէժ Թուրեանի «Քեսապերէն» բանաստեղծութիւնը արտասանեց Աննա Սուլեան եւ խմբական արտասանութիւն մը Արմէն , Աստղիկ եւ Մինաս Դանիէլեանի , Նշան Սարգիսեանի, Ճորճ Ճուրեանի, Նարին Սուլեանի եւ Մեղեդի Պէտրճիքեանի կողմէ: Ներկայացուեցաւ Կենդանի պատկեր մը ՝ «Ծնունդ» , որուն յաջորդեցին հոգեւոր խմբերգներ՝ Գիշերն Իջաւ, Ծափ զարկ աշխարհ, Ով Սուրբ Մանուկ , Օրհնեցէք Զինք եւ Ալէլուիա:
Կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր հովիւ Տէր Գարեգին Վարդապետ Քէօշկէրեան կատարեց փակման խօսքը , ուր շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներուն, Խորհուրդի անդամներուն, ծնողներուն , նուիրատուներուն եւ բոլոր անոնց , որոնք սատար հանդիսացան այս ձեռնարկի յաջողութեան: Ան խնդրեց Աստուծմէ որ խաղաղութիւն պարգեւէ ասպնջական Սուրիոյ , որ ենթակարկուած է այսօր միջազգային դաւադրութեան: Հանդէսը փակուեցաւ Տէրունական աղօթքով ժամը 7.30ին: Մեկնող հանդիսատեսներուն հրամցուեցան գինի եւ քաղցրեղէն:
Կաթողիկէ ընթերցողներուս կը մաղթեմ առողջ օրեր եւ կը շնորհաւորեմ Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը: Մեր բոլորին Մեծ Աւետիս:
Թղթակից