«ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐՈՒԱՆ» ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՁԵՌՆԱՐԿ

Քեսապի «Սահակեան Սրահ»ը լեցուած էր եօթանասունէ աւելի հանդիսատեսներով, մայրեր ընդհանրապէս, որոնք, գնահատելով Թաղական Խորհուրդի հովանաւորած Կիրակնօրեայ Վարժարանի տեսչութեան եւ աշակերտութեան ամիսներու աշխատանքը, եկած էին քաջալերելու իրենց զաւակները , թոռները: Ինծի համար դժբաղդ երեւոյթ է այս հանդիսութիւններուն չտեսնել հայրեր, բայց այս արդէն ուրիշ նիւթ է որ պէտք է լրջօրէն արծարծուի այլեւայլ ժողովներու ընթացքին որպէս կարեւոր օրակարգ:

Յայտագիրը պատրաստող անձնակազմը ցուցադրեց կարճ տեսաերիզ մը դպրոցի մասին ընդհանրապէս եւ դասարանային կեանքին՝ մասնաւորապէս: Տեղեկացանք որ Կիրակնօրեայ Վարժարանի աշակերտութեան թիւն է 134 : Դասարանային աշխատանքի ընդմէջէն իմացանք այն սաղմոսներուն , շարականներուն , աղօթքներուն մասին զորս աշակերտները սորված էին : Այդ անուշիկ ձագուկներուն հայու շրթները քրիստոնեայ մեր հաւատքին շարունակականութեան հաւաստիքը կու տային մեզի : Փաստը կը մնայ փաստ ՝ յարատեւ աշխատանքով կ’արձանագրուի յաջողութիւն: Կիրակնօրեայ վարժարանի ղեկավար անձնակազմը արդիւնքի էր հասած եւ փաստերէն մին այդ տեսաերիզի բովանդակութիւնն էր:

Երկրորդ փաստը յայտագիրն էր : Երգչախումբն ու արտասանողներու խումբը կը բաղկանար Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի Գ.Դ.Ե.Զ. աշակերտներէն՝ թիւով 39: Երգչախումբի կատարողութեամբ յոտընկայս երգուեցաւ Տէրունական Աղօթքը եւ Կիրակնօրեայի «Մաղթերգ»ը , որմէ ետք Սոնիա Քորթմուսեան կատարեց Բացման Խօսքը: Անթառամ Թրթռեան ճիշտ առոգանութեամբ արտասանեց Սաղմոս 23ը : Մանուկին սէրն ու յարգանքը իր ծնողքին հանդէպ թեմայով աշակերտներ՝Թամար Թիթիզեան, Շիրազ Ճղլեան, Սիլվա Բէնդէզեան, Յովիկ Դանիէլեան, Հրայր գազազեան եւ Յակոբ Անտրեան, ներկայացուցին կարճ սակայն յուզիչ թատրոն մը: Տաղանդաւոր ասմունքող Շողակ Ղազարեան համարձակօրէն եւ ճիշտ շեշտաւորումով արտասանեց Մուշեղ Իշխանի «Նամակ կաղանդ պապային» բանաստեղծութիւնը , խլելով հանդիսականներու բուռն ծափահարութիւնները: Խումբը յաջորդաբար երգեց «Ով Տէր Յիսուս»ը, կատարեց խմբային աղօթք եւ արտասանութիւն, յաջորդաբար ՝ «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս» եւ «Նոր տարի»: Խումբը երգեց նաեւ «Ս.Ծնունդի Ծառ» ը որուն մէջ իրենց սոլո-յի բաժինը բերին Վարդի Մարաջալեան եւ Քրիստին Աշըգեան: Տէր Միւռոն Աւետիսեանի փակման խօսքէն առաջ աշակերտները ներկայացուցին իմաստալից թատրոն մը «Տիգրանին ընտանիքը կը պատրաստուի ընդունելու Նոր տարին» թեմայով , ուր անոնք անտէր մնացած հիւրեր կ’ընդունին, յանձինս՝ Յաջողութեան, Երջանկութեան, Հարստութեան ու Սիրոյ : Թատրոնի տուած դասն էր այն մեծ ճշմարտութիւնը , որուն յաճախ երկրորդական կարեւորութիւն կը տրուի, թէ երբ ՍԷՐ կայ ապա կան ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ, ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆ : Խաղարկութեան մաս կազմեցին Արմին Սէլլումեան, Ռիթա Բէնդէզեան, Նարեկ Հարֆուշեան, Շանթ Մելքոնեան, Հրայր Գազազեան, Վահան Սաղտըճեան, Արտաւազդ Թրթռեան եւ Պարոյր Բէնդէզեան: Բեմի վրայ , հանդիսատեսին աւելի հասկանալի դարձնելու համար կատարուելիք աշխատանքները, յայտրարաութիւններով , ընթերցումներով եւ բացատրութիւններով միջամտեցին Ռազմիկ Մելքոնեան եւ Արտա Թրթռեան: Ընդհանուր յայտարարութիւնները կատարուեցան Օրիորդներ Մարիա Ղազարեանի եւ Սոնիա Քորթմուսեանի կողմէ:

Տիկին Սիլվի Աբէլեան-Ճղլեան կամքի անկախ պատճառով (փոքրիկին անակնկալ հիւանդութիւն) չկարողացաւ ներկայ ըլլալ տալու համար իր դասախօսութիւնը , որ նախատեսուած էր ըստ մեզի բաժնուած յայտագրով : Բարի ապաքինում կը մաղթեմ փոքրիկն Ճղլեանին եւ կը յուսամ որ առիթը ստեղծուի եւ այդ դասախօսութիւնը կարենանք բոլորս մտիկ ընել:

Փակման իր խօսքին մէջ Տէր հայրը շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք առ որ անկ է ըսաւ թէ այսօրուան յայտագրին գործադրութեան մեր վկայութենէն ետք մեզի հետ պիտի տանինք փոքրերու անկեղծութիւնը, անոնց անմեղութիւնը: Ան իր շնորհակալական խօսքը ուղղելով ծնողներուն հաստատեց այն իրողութիւնը որ այն ընտանիքին մէջ ուր ծնողքը բծախնդիր է, սիրոյ ջերմութիւն կը ցուցաբերէ իր զաւակներուն ՝ այդ ընտանիքը երջանիկ է ու այդ ծնողքը իր ծնողքի կոչումին տէրը : Տէր հայրը խրատեց ըսելով թէ այսօրուան դարը կը պահանջէ ծնողներէս աւելի լաւ հասկնալ մեր զաւակները , յաճախ յարմարիլ անոնց, որպէսզի չմոլորին մեր զաւակները: Դարուն հետ քայլ պահելու պատգամն էր որ փոխանցեց քահանայ հայրը:Ան խորհուրդ տուաւ չշփացնել մեր զաւակները եւ իրենց մէջ չդրոշմել մեծամտութիւն ՝քաջալերել իրենց կատարած գործերը , իրենց աքթերը : Քահանայ հայրը շեշտեց աղօթքի կարեւորութեան վրայ եւ հրամայական նկատեց մեր կեանքով օրինակ ծառայելը: «Այսպիսով է որ ազգն ու եկեղեցին կը հարստանան եւ աղքատութիւն չեն ճանչնար» ըսաւ Տէր հայրը:

Աստուած ուժ եւ կարողութիւն թող պարգեւէ բոլոր ազգասէր ու եկեղեցասէր հայորդիներուն:

Թղթակից՝
Նշան Պասմաճեան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>