Դասախօսութիւն եւ գեղարուեստական յայտագիր Արցախի անկախացման 20 ամեակի նուիրիուած

Կազմակերպութեամբ Քեսապի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին եւ Դպրաց Դասի վարչութեան , այս գիշեր մօտ երկու ժամ տեւողութեամբ յայտագրով մը տօնակատարուեցաւ Արցախի անկախացման քսանամեակը:
Հանդիսավարն էր Օրդ. Անի Չէլէպեան , որ կատարեց բացման խօսքը եւ յայտարարութիւնները : Գեղարուեստական յայտագրին մէջ բաժին վերցուցած էին Սեւան Թրթռեան, Ծաղիկ Սահակեան, որոնք յաջորդաբար մեներգեցին եւ հարազատօրէն մեկնաբանեցին «Կարօտի Յիշատակին» եւ «Արցախ գաւառում» երգերը , դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Վանիա Փօլատեանի: Վաւերագրական տեսաերիզի մը ցուցադրութենէն ետք Կարօ Չերչիկեան սրինգով նուագեց «Լերան Լանջին» ը: Կիրակնօրեայ Վարժարանի 14 աւարտական դասարանի աշակերտներ խմբերգեցին «Մեծ Պայքարի» եւ «Գետաշէն» երգերը, ինչպէս նաեւ խումբով արտասանեցին Պարոյր Սեւակի «Իմ հայ Ժողովուրդ»ը: Վաչէ Ճղլեան մեներգեց «Կիկոյի Երգը» իսկ արհեստավարժ ասմունքողի մը նման, խոստմնալից ասմունքող Վանա Դանիէլեան արտասանեց «Հաւատում եմ Քեզ» ը:

Օրուան դասախօսն էր մտաւորական պատրաստութեան տէր Պարոն Կարօ Մանճիկեան, որ քառասուն հինգ վայրկեաններու մէջ ներկաներուն կրցաւ յստակօրէն փաստարկել Արցախին Հայաստանի մէկ եւ անբաժանելի մաս ըլլալու իրողութիւնը , տալով աշխարհագրական ու պատմական անուրանալի ճշմարտութիւններ : Ուսանելի այս դասախօսութիւնը կարելի է բազմագրել եւ սեփականութիւն դարձնել բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրուած են Հայոց պատմութեամբ ընդհանրապէս եւ Արցախի պատմութեամբ մասնաւորապէս:
Կազմակերպչական աշխատանքին ետին թեզանիքները սոթտած կայնած է Միւռոն Քահանայ Աւետիսեանը : Այս երիտասարդ, ձեռներէց հոգեւորականը առանց աղմուկ ստեղծելու ժրաջան կ’աշխատի Քեսապի մշակութային ու հոգեւոր մակարդակներու զարգացման ի խնդիր: Տէր հայրը , նախ քան Պահպանիչ՝ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն, դասախօսին եւ կազմակերպողներուն , մաղթելով որ օր մը իրականացած տեսնենք Արցախի եւ Արեւմտահայաստանի բռնագրաւեալ հողերու միացումը կազմելու համար միացեալ եւ ազատ Հայաստանը:
Դժբաղդաբար, պատրաստութեան համար երկար օրեր խլող այս գեղեցիկ ձեռնարկը հրամցուեցաւ միայն 35ի շուրջ թիւ կազմող ներկաներու: Արդեօ՞ք կը կարծենք թէ կազմակերպողներուն համար ինքնանպատակ են այսպիսի ձեռնարկները, կամ թէ անոնք ստիպուած են թողուլ տուն ու տեղ , ընտանիք, ծնողք կամ գործ, պատրաստելու համար այսպիսի ձեռնարկներ…միայն 35 հոգիի համար… :Չե՞նք կարծեր որ այս մարդիկն ալ քաջալերանքի պէտք ունին, թէ այս մարդիկն ալ կրնան օր մը ընդվզիլ , նոյնիսկ բարկանալ: Ազգային աւանդոյթները, խորհրդանիշները, արժէքները պահելու կեանքի կոչուած միութիւնները որո՞ւն համար կ’աշխատին: Սերունդներ կրթող պատասխանատուները , կրթուող սերունդները, հայրերն ու մայրերը , հաստատութեանց պատասխանատուներն ու անդամները, ինչո՞ւ իրենց ներկայութեամբ չեն քաջալերեր կազմակերպուած ձեռնարկները: Ինչո՞ւ ընտանիքներով Կիրակի օրերը չենք ուղղուիր դէպի մեր եկեղեցիները, ինչպէս կ’ընեն քաղաքակիրթ երկիրներու հաւատացեալները : Ինչո՞ւ մեծ խանդավառութեամբ եկեղեցիներ կը կառուցենք եթէ զանոնք որբ պիտի թողունք: Հաւաքուինք մեր ազգային տեսլականներուն շուրջ, մեր միութիւններու առաքելութեանց շուրջ եւ առաւելութիւններով հարուստ այս կտոր մը Հայաստանը, Քեսապը, դարձնենք զբաղած մեղուանոցի:

Սրտանց կը շնորհաւորենք կազմակերպողներուն ինչպէս նաեւ օրուան բանախօսին եւ մասնակիցներուն, մաղթելով իրենց նորանոր յաջողութիւններ: կը բաժնեկցինք նաեւ մեր սիրելի թղթակիցին մտահոգութիւնը ու կը յորդորենք մեր երիտասարդները իբր ազգային պարտականութիւն մասնակցելու  հոգեւոր եւ մշակութային ձեռնարկներուն որ մեր գիւղի անխոնջ միութիւնները ի գին ամէն զոհողութեան  կը կազմակերպեն եւ կը յաջողցնեն հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր զարգացումին համար:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>