Յաւիտենական հանգիստ «Գալիլ Նանա»ին

Երէկ, 10 Նոյեմբեր2011ին, Գալիլիա Եարալեան – Մանճիկեան, մեր բոլորին շատ սիրելի «Գալիլ Նանա»ն, Քեսապի ամենատարեցը, հրաժեշտ տուաւ աշխարհին ու իր սիրելիներուն եւ միացաւ Աստուծոյ։

Գալիլ նանան, Հայոց պատմութեան ամենատխուր եւ ամենասեւ էջերէն մէկուն կենդանի վկան էր։ Ան ապրած էր տեղահանութիւնը, սովն ու ծարաւը. տեսած էր մահն ու թշուառութիւնը։ Սակայն, վերականգնած էր եւ դարձած ընտանիքի օրինակելի մայր, քրիստոնէական եւ հայրենաւանդ արժէքներու տէր ու պաշտպան, ջանացած էր զանոնք փոխանցել իր զաւակներուն ու սիրելիներուն։

Մեր սրտագին ցաւակցութիւնները հանգուցեալի ընտանիքին ու հարազատներուն։

Youtube-ի վրայ կրնաք դիտել «Գալիլ Նանա»ի մասին Հայաստանի առաջին ալիքի՝ Հայ լուրի ցուցադրած տեսանիւթը ապրիլ 24ին։

Click here

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>