ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ ՍՕԽ մեղրի մասնաճիւղի եւ Համազգայինի Համօ Օհանջանեան մասնաճիւղի վարչութիւններուն, Կիրակի 16 Հոկտեմբեր, կէսօրէ ետք ժամը 4.00-ին, «Սահակեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց Տօնակատարութիւն։

Օրուան դասախօսն էր Արժանապատիւ Տ. Միւռոն Քհն. Աւետիսեանը։ Հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին երեք համայնքներու դպրոցներու աշակերտները։ Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի աշակերտները ներկայացուցին գիրերու գիւտի առնչութեամբ գեղեցիկ թատերախաղ մը, Հայ Աւետարանական Նահատակաց վարժարանէն Յովակ Աբելեան արտասանեց Միսաք Մեծարենցի «Հայ լեզուն տունն է հայուն» բանաստեղծութիւնը. Հ. Կաթողիկէ Բարեյուսոյ Վարժարանէն Աննա Սուլեան ասմունքեց ոտանաւոր մը Յովհաննէս Թումանեանէն, Միսաքեան Մշակութային կեդրոնի աշակերտներն ալ նուագեցին «Կիլիկիա»ն։

Օրուան հանդիսութիւնը աւարտ գտաւ Տէր Հօր սրտի խօսքով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով։

Թո՛ղ Աստուած մեր Թարգմանիչ Հայրապետներու եւ Հայրերու աղօթքնեով, օրհնութեամբ եւ բարեխօսութեամբ, լուսաւորէ մեր մտքերը, ջերմացնէ մեր սրտերը, զօրացնէ մեր հաւատքը, որպէսզի իտենց օրինակով գործենք միշտ Աստուծոյ փառքին եւ Հայ Ազգի օգուտին համար։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>