ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄ ՔԵՍԱՊԻ ՄԷՋ
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Շահան Ս. Եպս. Սարգիսեանի, ներկայութեամբ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Խորհուրդին եւ կազմակերպութեամբ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին, Ս. Աստուածածին Կիրակնօրեայ Դպրոցի Տեսչութեան եւ ուսուցչակազմին, Երկուշաբթի, 11 Յուլիս 2011-ին, կէսօրուան ժամը 11:30-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Սահակեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխման հանդէս:
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ «Տէրունական» աղօթքով եւ Հ.Ե.Կ. Դպրոցներու մաղթերգի երգեցողութեամբ: Բացման խօսքը կատարեց տեսչուհին` Օրդ. Սօնիա Քորթմոսեանը, որ անդրադարձաւ Կիրակնօրեայ Դըպրոցին կարեւորութեան, ազգային եւ կրօնական դաստիարակութիւն ներշնչելու գործին մէջ: Ան ըսաւ. «Մաքուր նկարագիրը կրնայ կերտուիլ միայն Քրիստոնէական առողջ դաստիարակութեամբ, ուրեմն` Կիրակնօրեայ Դպրոցը սերտ առնչութիւն ունի ազգային նկարագրի կերտումին ու հայապահպանման սրբազան գործին հետ»:
Ապա, երախտագիտական խօսք ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Եպս. Սարգիսեանին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու խորհուրդին, Կիրակնօրեայ Դպրոցի ուսուցչակազմին եւ գնահատեց ծնողները, որոնք իմաստութեամբ եւ նուիրական խրախոյսով իրենց զաւակներուն քայլերը ուղղեցին դէպի Կիրակնօրեայ Դպրոց: Խօսքի աւարտին ըսաւ. «Քաջալերենք այս սուրբ գործը եւ մեր զաւակները առաջնորդենք հոն, ուր կայ իսկական խաղաղութիւն, կեանք եւ ճշմարտութիւն»:
Բացման խօսքէն ետք բեմ բարձրացան աւարտական դասարանէն խումբ մը շրջանաւարտներ եւ հանդէս եկան գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով մը, որ կ՛ընդգրկէր` «Աշակերտք Քրիստոսի» եւ «Արեգակն Արդարութեան» շարականներու եւ «Ս. Սահակ-Մեսրոպ» երգին երգեցողութիւնը, Սաղմոս 15, ապա շըրջանաւարտներէն Թալին Թրթռեան եւ Ալիս Արսլանեան արտասանեցին «Սորվեցուր ինծի, ով Տէր» աղօթքը, որուն յաջորդեց ասմունք «Հայու Հոգին», կատարողութեամբ Վանա Դանիէլեանին:
Ետքը ներկայացուեցան Քեսապի «Ս. Աստուածածին» Կիրակնօրեայ Դպրոցի ամփոփ պատմականը 1969-2011 եւ անոր կցուած յարմար լուսապատկերներու ցուցադրութիւն:
Շրջանաւարտներէն տիար Յովսէփ Բէնդէզեան, յանուն աւարտականներուն, կարդաց «Ուղերձ»: Ան յայտնեց, թէ Կիրակնօրեայ Դպրոցը եղած է այն սուրբ օճախը, որ իր հոգեղէն ներկայութեամբ յաւերժական արժէքներով, հոգեւոր եւ ազգային դաստիարակութեամբ, հայօրէն եւ մարդկօրէն կերտեց մեր ինքնութիւնը, սերմանեց մեր մէջ ազգօգուտ եւ եկեղեցանուէր ծառայութեան ոգին:
Խօսքը փակեց ըսելով. «Կ՛ուխտենք հետեւիլ մեր նախնիներու օրինակին, միշտ բարձր պահելու մեր շատ սիրելի Կիրակնօրեայ Դպրոցին անունը եւ ապագային ըլլալու տիպար ուսուցիչներ, ի խնդիր Հայ եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ ի փառս Աստուծոյ»:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում, որմէ ետք Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Եպս. Սարգիսեան փոխանցեց իր հայրական պատգամը, շրջանաւարտներուն մաղթելով յաջողութիւն իրենց կատարելիք սուրբ առաքելութեան մէջ, զանոնք կոչելով առաքեալներու որդիներ, նկատի ունենալով որ անոնց նոյն առաքելութիւնն է որ պիտի շարունակենք, ինչպէս դարերու ընթացքին Հայ Եկեղեցւոյ բոլոր սուրբ հայրերը մատուցեցին իրենց ծառայութիւնը` ի սպաս լուսաւորչեան կանթեղի յաւերժական լուսատուութեան:
Թելադրեց, որ Կիրակնօրեայ Դպրոցի ուսուցիչները իրենց կեցուածքով եւ վարուելակերպով օրինակ դառնան աշակերտութեան եւ իրենց քրիստոնէական սէրն ու հոգածութիւնը յայտնեն անոնց:
Բարձր գնահատեց տեղւոյս հոգեւոր հովիւին տարած աշխատանքը, յանուն Կիրակնօրեայ Դպրոցի առաւել զարգացման եւ բարգաւաճման:
Խօսեցաւ ընդհանրապէս Կիրակնօրեայ Դպրոցին, եւ մասնաւորապէս օրուան կարեւորութեան մասին, շեշտելով անոր անժամանցելի տեղն ու դերը սփիւռքեան մերօրեայ ծանրակշիռ պայմաններուն մէջ:
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով փակուեցաւ հանդիսութիւնը:
Առնուած՝ ԳԱՆՁԱՍԱՐ-ի կայքէջէն