Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի վկայականաց բաշխում
Ազգ. Ուսումն. Միացեալ Ճեմարանի երրորդ հունձքի վկայականաց բաշխումն ու հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 11 յուլիս 2011-ին «Սարդարապատ» սրահէն ներս: Ներկայ էին Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Տէր Շահան Սրբ. Եպս. Սարգիսեանը, գիւղիս հոգեւոր հայրերը, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազում քեսապցիք:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով: Արաբերէն բացման խօսքը կատարեց Անդրանիկ Յովսէփեանը, իսկ հայերէնը՝ Վահան Մանճիկեանը: Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Թ. եւ ԺԲ. կարգի աշակերտները, որոնք ներկայացուցին «Հայրենիքը ամէն բանէ վեր» պատկերը՝ երկու բաժիններով: Ներկայացուեցան նաեւ երաժշտական կտորներ. դաշնամուրով հանդէս եկաւ Մեղրի Աբէլեանը եւ Ալիշան Քեշիշեանի , իսկ ջութակով՝ Զուլալ Պոյմուշագեանը, որուն նուագակցեցաւ Ալին Ապտուլեանը:
Հանդիսութեան ընթացքին պարգեւատրուեցան միջնակարգի եւ երկրորդականի հայերէն լեզուի գերազանց աշակերտները: Հանդիսութեան աւարտին վկայականները բաշխեց ու իր սրտի խօսքը փոխանցեց՝ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Եպս. Սարգիսեանը: Ան այս տարուայ շրջանաւարտները կոչեց «Մեսրոպ Մաշտոց» սերունդ: Ճեմարանի քայլերգով վերջ գտաւ հանդիսութիւնը:
Ազգ. Ուսումն. Միացեալ Ճեմարանը՝ քեսապահայութեան միակ բարձրագոյն կրթօճախը, կը շարունակէ իր առաքելութիւնը գիտակից ու հայրէնասէր սերուդներ դաստիարակելու գործին մէջ: