ՏՈՀՄԻԿ ԵՐԵԿՈՅ ՔԵՍԱՊԻ ՄԷՋ
Կազմակերպութեամբ Քեսապի Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, տեղի ունեցաւ շատերէ սպասուած Տոհմիկ Երեկոն, մարտ ամսուն Սարտարապատ սրահէն ներս, ներկայութեամբ քեսապցիներու հոծ բազմութեան։
Երեկոյին իրենց մասնակցութիւնը բերին Քեսապի Սայաթ-Նովա նուագախումբը, ընկերակցութեամբ մեներգող Քեսապի երիտասարդ երիտասարդուհիներու. Վարդգէս Քէշիշեան, Յարութ Լնդեան, Սոնիա Քորթմոսեան, Ծաղիկ Սահակեան, Լենա Պետուրեան, Վաչէ Ճղլեան եւ Սեւակ Պետուրեան։ Հիւրաբար բեմ հրաւիրուեցան Պրն. Ժիրայր Թրթռեան եւ Օրդ. Սօնա Կիւզելեան որոնք երեկոն ճոխացուցին աշուղական երգերով։
Թմբուկով ու զուռնայով մթնոլորտը դեռ եւս ուրախալի դարձուցին Կարօ Չերչիկեանն ու Հրաչ Ճղլեանը։
Հանդէսի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ քեսապերէնով զաւեշտ մը որ բեմականացուց պրն. Ժիրայր Թրթռեանը։ Զաւեշտը որ իբր խորագիր ունէր «Գահվեճի Մինասին սրճարանը» կը ներկայացնէր դէպք մը Քեսապի կեանքէն 70 տարիներ առաջ։ Զաւեշտին մասնակցեցան. Արամ Քորթմոսեան, Վարդգէս Քէշիշեան, Զարմիկ Սողոմոնեան, Սեւակ Պետուրեան, Արա Քէշիշեան եւ Վաչէ Ճղլեան։ Ներկայացումը մեծ խանդավառութեամբ եւ ծափողջոյններով ընդունուեցաւ ներկաներուն կողմէ։ Երեկոն շարունակուեցաւ հայրենասիրական եւ ճոխ երգերով մինչեւ լուսաբաց։