ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԵՍԱՊԻ ԵՐԵՔ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ
Վարդանանք անձինք նուիրեալք էին տեսիլքի,
Թռիչք ունէին ու թեւ մրրիկի
Անմեռ Վարդանանք գիտակցօրէն մեռնիլ գիտէին,
Անոնք մեռան «Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենիքի»
Թեկուզ արնածոր բայց յաղթեցին թշնամիին։
Տասնամեակներու գեղեցիկ սովորութեան համաձայն, այս տարի եւս հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Սրբոց Վարդանանց տօնակատարութիւնը։
Հինգշաբթի 3 Մարտ 2011-ի առաւօտեան մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ Պատարագ։
Կէսօրին, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Միւռոն Քհն. Աւետիսեանի գլխաւորութեամբ, Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Վարժարանին մէջ, ներկայութեամբ վարժարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան, ուսուցչակազմին եւ աշակերտութեան, Սրբոց Վարդանանց տօնակատարութիւն կատարուեցաւ դպրոցի «Սարտարապատ» սրահին մէջ, ուր Արժանապատիւ Տէր Հայրը փոխանցեց օրուան խորհուրդը, թելադրելով աշակերտութեան սէր ազգային եկեղեցական վեհ նպատակներու եւ անանցանելի արժէքներու պահպանութեան եւ գոյատեւման համար ճիգ չխնայել։ Ինչպէս Վարդանանք իրենց ազգային պարտաւորութիւնը կատարեցին իւրաքանչիւրը իր դերին եւ պաշտօնին մէջ, այնպէս ալ այսօր, մենք՝ եկեղեցականներ, ազգայիններ, ուսուցիչներ եւ աշակերտներ, իւրաքանչիւրս իր պարտականութիւնը, առանց ծուլանալու, լաւագոյնս կատարելու է, նուաճելու համար նորանոր յաղթանակներ բոլոր բնագաւառներէն ներս։
Յետ միջօրէի ժամը 5.00-ին, հայ երեք համայնքներու նախաձեռնութեամբ, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց աւանդական տօնակատարութիւնը, աննախադէպ բազմութեամբ՝ շուրջ 500 մեծահասակներու եւ փոքրերու խուռներամ ներկայութեամբ։
Սրբոց Վարդանանց խորհուրդը ներկայացնելու համար հերթաբար հանդէս եկան Արժ. Տ. Միւռոն Քհն. Աւետիսեանի խմբավարած հայ երեք համայնքներէն բաղկացած երգչախումբը. Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի ստեղծագործած հանրածանօթ «Նորահրաշ» շարականով սկիզբ տուաւ տօնակատարութեան։
Բացման խօսքը կատարեց Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հովիւ՝ Պատուելի Սեւակ Թրաշեանը, որ իր խօսքին մէջ յիշեց թէ 1560 տարիներ անցած են Վարդանանց ճակատամարտէն, եւ մենք՝ Հայերս, ցայսօր կը յիշենք այս տօնը, որովհետեւ Վարդանանք իրենց արիւնը թափեցին, որպէսզի մենք կարենանք պահպանել քրիստոնէական մեր հաւատքն ու հայութիւնը։
Յետոյ, երգչախումբը ներկայացուց «Երկնային հրաւիրակօք» շարականը եւ «Սարտարապատ» ազգային երգը։
Նկատի ունենալով որ այս տարին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետի հրչակագիրով 2011-ը կոչուած է «Հայ Մանուկերու Տարի», չորրորդ կարգի փոքրիկներէն՝ Շողակ Ղազարեան մեծ ապրումով ու ոգեշնչիչ ձայնով ներկայացուց Սրբոց Վարդանանց նուիրուած բանաստեղծութիւն մը։
Օրուան Բանախօսն էր՝ Արժ. Տ. Միւռոն Քհն. Աւետիսեան, որ յստակ ձեւով ներկայացուց չորրորդ դարու աւարտի եւ ոսկեդարու պատմականը, անոնցմէ քաղելիք նորօրեայ մարտահրաւէրներուն դիմաց կանգնելու շունչ ու ոգի։ Ան ընդգծեց հետեւեալ գաղափարները, թէ ո՛չ մէկ ուժ կրնայ ջլատել հայ ազգի միասնականութեան ոգին, ո՛չ մէկ ուժ կրնայ հաւատափոխ ընել անոր մորթին գոյնը դարձած իր պապերու հաւատքը, ո՛չ մէկ ուժ կրնայ տապալել հայ ազգի գահը, կը տապալին միայն դաւաճան Վասակներն ու խորամանք Յազկերտները իրենց չարամիտ ծրագիրնեներով։ Վարդանանց տօնակատարութիւնը ո՛չ միայն այդ օրուան սուրբերուն յիշատակութիւնն է, այլեւ՝ տասնվեց դարերու վրայ տարածուած հայ ժողովուրդի գոյապայքարի ընթացքին իրենց արիւնը հեղած բոլոր նահատակներուն ու հերոսներուն՝ Դաւիթ Բեկերուն, Անդրանիկներուն… Սարտարապատ եւ Արցախ նուաճած բոլոր մարտիկներուն։ Ան յիշեցուց Արտաշատի ժողովի ընթացքին հոգեւորականներու եւ ազգայիններու արիական կեցուածքն ու յստակ պատասխանը պարսիկներու Հազկերտ Թագաւորի հաւատուրացութեան կոչին, ըսելով. « Այս հաւատէն ոչ ոք կրնայ մեզ խախտել, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուրը, ո՛չ հուրը, ո՛չ ջուրը, ո՛չ ալ որեւէ դառն հարուած… Եթէ այս հաւատքին մէջ թողուս մեզ, երկրի վրայ քեզմէ զատ ուրիշ տէր չենք ընդունիր, ո՛չ ալ երկնքի մէջ քեզմէ զատ ուրիշ Աստուած կ՚ընդունինք Յիսուս Քրիստոսի փոխարէն, որմէ զատ ուրիշ Աստուած չկայ… Մեր հաւատքի ուխտը ո՛չ թէ մարդու հետ է, որ երեխայի նման խաբենք, այլ՝ Աստուծոյ անլուծելի կերպով։ Անհնար է քանդել ու հեռանալ ո՛չ այժմ, ո՛չ յետոյ, ո՛չ յաւիտեանս եւ ո՛չ ալ յաւիտեանս յաւիտենից»։ Անոնք պատերազմեցան եւ յաղթական դուրս եկան։ Այսօր եւս կարիքը ունինք Վարդաններու, որպէսզի չնուաղին չարին առջեւ, առիթ չընծայեն այլասերման, ականջ չտան աղանդաւորներու ստապատիր եւ օձաշունչ ազգաւեր խորհուրդներուն ու գաղափարախօսութիւններուն, այլ իրենց արեան իսկ գինով պահպանեն աստուածատուր պատուերներն ու վերատիրանան իրենց ժառանգած հողային ամբողջականութեան… »։
Իր խօսքի աւարտին, շնորհաւորեց բոլոր Վարդան, Խորէն, Գարեգին, Ատոմ, Ղեւոնդ, Տաճատ, Վահան… անունները։
Ապա, «Տէր, կեցո՛ դու զՀայս» մաղթերգը մեներգեց՝ օր. Սալբի Թիթիզեանը։ Անոր յաջորդեց երգչախումբը, որ ներկայացուց «Մենք քաջ Վարդանի» եւ «Ազնիւ ընկեր» խմբերգները։
Դարձեալ, «Հայ Մանուկի Տարուան» առիթով, հանդէս եկաւ առաջին կարգի փոքրիկներէն՝ Նշան Անտրեանը, բացառիկ առոգանութեամբ ներկայացուած Վարդանանց նուիրուած իր արտասանութեամբ։
Նոյն նպատակով կազմուած պատանիներու երգչախումբը հերթաբար երգեցին «Արեգակն արդարութեան» Սրբոց Վարդանանց նուիրուած շարականն ու «Հիմի՞ էլ լռենք» խմբերգը։
Փակման խօսք արտասանեց՝ Հոգշ. Հ. Գարեգին Վրդ. Քէօշկերեանը, անդրադառնալով հայ ժողովուրդի միասնակամ ոգիին, որով ոչ մէկ ուժ կրնայ խաթարել անոր գոյութիւնը։ Ինչպէս նաեւ՝ համատարած անտարբերութեան ոգիին, որ ամբողջապէս պէտք է վերացնել մեր կեանքերէն, որպէսզի մասնակիցի մեր հոգեբանութեամբ կանգուն պահենք հայ եկեղեցին։
Աւարտին, երգչախումբի «Հայր մեր…» ՝ Տէրունական աղօթքի եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ, ապա Արժ. Տ. Միւռոն Քհն. Աւետիսեանի «Պահպանիչ » աղօթքով փակուեցաւ հանդիսութիւնը։
Այսպէս Վարդանանք,
Հաւատքով կառչած կողին Յիսուսի,
Անկեղծ սիրով փարած հողին Մասիսի,
Յոյսի ուխտով շողին Լուսաւորիչի,
Փառք ու պսակ հիւսեցին ճակտին մայր Հայաստանի,
Անմահ Վարդանանք։
Քեսապի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ թղթակից