ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԵՍԱՊԻ ՄԷՋ

Բերիոյ Հայոց թեմի Առաջնորդ՝ Գերշն. Տ. Շահան Եպս. Սարգիսեանի օրհնութինը եւ Ազգ. կրօնաւորական ժողովի հովանաւորութիւնը վայելող Քեսապի «Ս. Աստուածածին» կիրակնօրեայ դպրոցը, կիրակի 6 Մարտ 2011ին, կէսօրուան ժամը 12։00ին, գլխաւորութեամբ տեսչութեան եւ ուսուցչակազմին կազմակերպեցին Բուն Բարեկենդանի տօնակատարութիւն, «Սեւան» ճաշարանէն ներս, նուիրուած «Հայ Մանուկներու Տարուան» մասնակցութեամբ 60 փոքր աշակերտ աշակերտուհիներու։

Բացման եւ բարի գալուստի խօսքերէն ետք, օրուան հերթապահներ՝ օր. Սոնա Սողոմոնեան եւ տիար Յովսէփ Բենդէզեան բացատրեցին Բուն Բարեկենդանի իմաստն ու նպատակը, ըսելով. «Քեսապի հինաւուրց աւանդութեան համաձայն, Բուն Բարեկենդանի նախատօնակի գիշերը փոքրիկներ ծպտուած՝ հագուստներով եւ իւրայատուկ կանչերով տունէ տուն կը շրջին, նպատակ ունենալով շրջապատը ուրախակից դարձնել յիշեցնելով իւրաքանչիւր ընտանիքի, ա՜յն երանական ու դրախտային վիճակը , երբ նախամարդիկ կ՚ապրէին եդեմական պարտէզին մէջ, վայելելով Աստուծոյ ներկայութիւնը, ճշմարիտ խախաղութիւնն ու երջանկութիւնը»։

 Յայտագիրի յաջորդ հանգրուանին, փոքրիկներ Բարեկենդանի յատուկ մանկական երաժշտութիւններով իրենց բազմերանգ զգեստները ցուցադրեցին, եւ արժանացան ներկաներու ծափողջոյններուն եւ հիացմունքին։

 Ապա, համատեղ ճաշկերոյթ կատարելէ ետք, ուսուցչական կազմը նպատակայարմար զաւեշտ ներկայացուց, նիւթ եւ նպատակ ունենալով՝ «Բուն Բարեկենդանին ծպտուիլ միայն սեփական հագուստներով»։

 Օրակարգը շարունակուեցաւ խաղերու եւ համահաւաք պարի կատարողութեամբ։

Աւարտին, ուսուցչական կազմը իր պատրաստած ձեռայիններէն մատուցեց իւրաքանչիւր մասնակցողի։

 Ներկայ էր նաեւ շրջանի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ.  Տ. Միւռոն Քհն. Աւետիսեանը, որ ձեռնարկի աւարտին Կիրակնօրեայ Դպրոցի տեսչութեան, ուսուցչակազմին եւ աշակերտութեան հետ համայնական լուսանկար առնելէ ետք, բարձրօրէն գնահատեց կատարուած կազմակերպ աշխատանքն ու «Հայ Մանուկի Տարուան» նուիրուած սոյն ազգանպատակ ու կրօնական գոյն եւ որակ ունեցող տօնակատարութիւնը, շնորհաւորելով մանուկները, ծնողքներն ու ուսուցչակազմը իրենց կատարած զոհողութիւններուն համար, մաղթելով բոլորին քրիստոսաւանդ երջանկութիւն ու խաղաղութիւն, գիտակից սերունդներու շարունականութիւն, ի նպաստ ազգային ազգային-եկեղեցական կեանքի ու առաքելութեան բարեյաջող յաւերժականութեան։

 Տօնակատարութիւնը աւարտեցաւ Կիրակնօրեայ Դպրոցի տեսչուհի՝ օր. Սոնիա Քորթմոսեանի գնահատական խօսքով եւ Արժ. Տէր Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։

 Քեսապի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ թղթակից

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>