Համամիութենական աղօթքի երեկոյ Քեսապի մէջ
30 Յունուար 2011ին, երեկոյեան ժամը 5։00ին, Քեսապի Հայ Կաթ. Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ աննախադէպ եւ առաջին համամիութեանական աղօթքի երեկոյ, մասնակցութեամբ Քեսապի երեք համայնքներու հոգեւոր հովիւներուն եւ Քեսապահայութեան։ Հոգեւոր հովիւները իրենց պատգամներուն մէջ շեշտեցին միութեան կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան, հիմնուելով Տիրոջ խօսքերուն վրայ. Հպգեւոր հանդիպումը վերջ գտաւ տէրունական աղօթքով։ Հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը ներկայ էր. բոլորն ալ տպաւորուած ու զգացուած վերադարձան իրենց տուները։