ՀՊԱՐՏ ԸԼԼԱՆՔ ՄԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՎ (Քեսապի Տեսասկաւառակի DVD ներկայացում)

«Իմ սրտագին շնորհակալութիւնները կը յայտնեմ մեր բոլոր հայրենակիցներուն, առանց դաւանանքի, առանց գաղափարի, առանց դասակարգի, առանց գիւղի խտրութեան, բոլորս մէկ ենք, մնանք մէկ, միասին աղօթենք, միասին աշխատինք, միասին երգենք, միասին կարդանք, միասին ստեղծագործենք եւ այդ միասնութեան մէջզգանք մեր ոյժը»։

(Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց)

 Քեսապի զաւակ Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց-ի արտասանած վերոյիշեալ սրտառուչ տողերը, իսկական արտացոլացումն են Քեսապի հայատրոփ աւանին եւ որոնք միաժամանակ դրսեւորումն են Քեսապի ժողովուրդի միասնութեան ոգիին։
Քեսապցի խումբ մը երիտասարդներ՝ մէկդի թողելով յարանուանական, համայնքային,գաղափարախօսականտարբերութիւնները,Քեսապիպատմական հոլովոյթը ընդգրկող կայքէջի գաղափար մը յղացան ու զայն շատ շուտով իրագործեցին՝ կայքէջը անուանելով «Քեսապցիներ Քեսապի համար»։ Այստեղ չենք վարանիր ըսելու, թէ յիշեալ անձնաւորութիւնները անդուլօրէն, ոգի ի բռին լծուեցան գործի եւ կարողացան կայքէջին մէջ զետեղել Քեսապի պատմութիւնը, լուսանկարները, անոր գեղատեսիլ բնութենէն պոկուած նկարները, ինչպէս նաեւանոնք վերջերս ձեռնարկած եւ պատրաստած են «Քեսապ» խորագրով ֆիլմ մը, որուն մէջ ներկայացուած են քեսապցիներու կեանքը, աւանդութիւնը, սովորութիւնները…։

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, նախաձեռնութեամբ «Քեսապցիներ Քեսապիհամար» կայքէջին եւ «Եաւուրեան» սթոտիոյին, Երեքշաբթի, 12 Հոկտեմբեր 2010-ին, երեկոյեան ժամը 5։00-ին, «Սահակեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Քեսապ» խորագրով վաւերական ֆիլմի ներկայացումը։

Օրուան հանդիսութեան բացման խօսքը ընթերցեց մասնաճիւղի ատենապետ Արա Քէշիշեան։ Ան խօսեցաւ ֆիլմի բծախնդրութեամբ պատրաստութեան մասին, ուր Քեսապը կը ներկայացուի իր աւանդութիւններով, մշակոյթով, համայնքներով եւ ամէնօրեայ կենցաղով։

Իր խօսքի աւարտին յաջողութիւն մաղթեց անոնց, որոնք կը պահպանեն Քեսապի բարքերն ու սովորութիւնները ամէնուրեք։

Ֆիլմը ներկայացնելու համար հրաւիրուեցաւ Մխիթարեան Միաբանութենէն Հայր Համազասպ Քէշիշեանը։ Ան իր խօսքի սկիզբը խօսեցաւ «Քեսապցիներ Քեսապի Համար» կայքէջին գործունէութեան մասին՝ ըսելով.«Առաջին անգամն է, որ հրապարակաւ կը խօսուի կայքէջին մասին (www.kessabtsiner.com), որ երեք տարիներէ ի վեր համացանցի վրայ է։ Զայն իրագործողները խումբ մը երիտասարդ քեսապցիներ են, որոնք միասնաբար գործեցին, նպատակ ունենալով, իրենց նպաստը բերել Քեսապի հայրենաւանդ արժէքներուն վերարժեւորման, պահպանումին եւ պատմութեան ծանօթացման»։ Հայր Համազասպ շարունակելով իր խօսքը՝ առաջարկեց, որ կայքէջը ըլլայ երկլեզու՝ թէ՛ հայերէն եւ թէ անգլերէն։ Ապա մանրամանօրէն բացատրեց կայքէջին բովանդակութիւնը, որ կ՚ընդգրկէ Քեսապի աւանդական, մշակութային եւ տնտեսական իրավիճակները, ինչպէս նաեւ Քեսապէն դուրս քեսապցիներու վերաբերեալ բաժիններ։ Ան նշեց, որ կայքէջի պատմական նիւթերը քաղուած են Պրն. ՅակոբՉոլաքեանի «Քեսապ» գիրքէն, եւ որուն յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց։ Իր կարգին Հայր Համազասպ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ իմարաթաբնակ քեսապցի տղոց, որոնց մեկենասութեամբ կատարուեցան ֆիլմի նկարահանումները։ Իր խօսքը եզրափակելով՝ ըսաւ. «Քեսապ հայկական ծաղիկ մըն է Սուրիոյ հայրենիքի պուրակին մէջ՝ իր իւրայատուկ բոյրով եւ գոյնով, եւ որքան հայաբոյր պահենք Քեսապը եւ վառ՝ անոր գոյները, աւելի գեղեցիկ կը մնայ մեր Սուրիան»։

Ապա խօսք տրուեցաւ հայրենիքէն ժամանած, ֆիլմի հեղինակ Օր. Նանէ Բագրատունիին, որ Քեսապը մշակոյթի կղզի համարեց, որովհետեւ հակառակ անոր, որ Քեսապի շրջակայքը հայաբնակ չէ, սակայն քեսապցին համաշխարհայնացման հեւքոտ վազքին դիմաց կը շարունակէ պահել իր մշակոյթն ու իր նախնիներէն իրեն փոխանցուած Ս. աւանդը։ Օր. Նանէ բոլորին նկատառութեան յանձնեց ֆիլմի պատրաստութեան ընթացքին իր չէզոք ըլլալու իրականութիւն, ինչպէս նաեւ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի «Քեսապը հայրենիք է հայրենիքէն դուրս» խօսքը ուղեցոյց ըլլալուն մասին։

Պաստառի վրայ ֆիլմէն կրճատուած բաժիններ ներկայացուեցան, որոնք քեսապցիին սրտէն ժայթքող ու սրտին խօսող նիւթեր էին։ Իսկ հանդիսատեսները, որոնք համախմբուած էին «Սահակեան» սրահը, հիացած կը հետեւէին ներկայացուած ֆիլմի բաժիններուն եւ որոնք տեսաերիզի աւարտին բուռն ծափողջոյններով իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին։ Օրուան հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Արժ. Տ. Միւռոն Քհնյ. Աւետիսեանի «Պահպանիչ»ով։

Հակառակ ցուցադրուած կրճատուած տեսաերիզին, ներկաները մեկնեցան այն տպաւորութեամբ, որ ֆիլմը իսկական արտացոլումն էր իրենց գիւղին եւ առօրեային։

Ապրի՛ք, տղաք։ Իսկապէս մենք հպարտ ենք ձեզմով, եւ մեր արդար իրաւունքն է հպարտ ըլլալ ձեզմով, յատկապէս երբ կը տեսնենք Քեսապի երիտասարդութիւնը միասնաբար կ՚աշխատի՝ պահելու եւ վերակենդանացնելու Քեսապի պատմութիւնը, բարքերը, սովորութիւնները եւ մշակոյթը։ Թող ձեր աշխատանքները միշտ յաջողութեամբ պսակուին։

Սեւան Մանճիկեան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>