ՔԵՍԱՊԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿ
Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութեան 100-ամեակն է: Քեսապցիք Ա.Մ.Նահանգ-ներէն, Գանատաէն, Լիբանանէն, Արաբական Ծոցի երկիրներէն, Հալէպէն, ժամանած էին Քեսապ՝ տօնելու 100-ամեակը եւ մասնակցելու այդ առթիւ կազմակերպուած միջոցառումներուն, որոնք պիտի իրագործուէին երեք օրերու ընթացքին:
Ամբողջ Քեսապը հրճուանքի մէջ էր: Ամէն բան տարբեր գոյն ու բոյր ստացած էր այնտեղ, եւ Կասիոս լեռը յաղթական զօրավարի մը պէս հզօր կանգնած էր, հպարտ՝ աւելի քան երբեւէ, վերջապէս կրցած էր իրչորս կողմը հաւաքել աշխարհացրիւ իր զաւակները:
Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւնը հիմնուած է 1910-ին, ջանքերով խումբ մը ազգանուէր քեսապցիներու, որոնք կ՚առաջարկէին կրթութեան ու դաստիարակութեան հիմնական ոգին ու նպատակը դարձնել ազգայինը եւ ոչ յարանուանականը: 1925-ին միութիւնը կը յաջողի բանալ երկրորդական վարժարան մը, որ ազգային առաջին հայ երկրորդական վարժա- րանը կը հանդիսա- նար Սուրիոյ մէջ: Տարբեր պատճառներով դադրած երկրորդականը, 2009-ին կրկին կեանքի կոչուեցաւ՝ հանդիսանալով Քեսապի միակ հայկական բարձրագոյն կըրթօճախը:
Ուսումնասիրաց միութեան 100 ամեակի առաջին միջոցառումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 24 Սեպտեմ- բեր 2010-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին: Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Եպս. Սարգիսեանի ձեռամբ տեղի ունեցաւ քօղի վերառումը բժ. Աւետիս Ինճեճիքեանի կիսանդրիին, որ զետեղուած էր Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ ճեմարանի մուտքին:
Արարողութեան աւարտին ընթերցուեցաւ բժ. Ինճեճիքեանի կենսագրականը, ապա ԱՄՆ-էն ժամանած բժիշկի որդին՝ Պր. Գաբրիէլ Ինճեճիքեան իր սրտի խօսքը արտասանեց: Հոծ բազմութիւնը երգեց «Կիլիկիա»երգը: Բոլորին աչքերը թաց էին, հայրենի եզերքին կարօ՞տն էր, թէ՞ անցեալի յուշերը. ո՜վ գիտէ հողի։ Ձեռնարկի աւարտին ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը ելոյթ ունեցաւ նուագով: Հաւաքուած բազմութիւնը իր քայլերը ուղղեց հոն, ուր կը պատրաստուէր աւանդական «մասարա»ն:
Կրակը կը ճարճատէր ու անոր վրայ խաղողներու ճզմուած հատիկներէն դուրս եկած հիւթը կ՚եռար, որ քիչ ետք պիտի վերածուէր ռուպի:
Կրակին դիմաց տոհմիկ խրախճանքը սկսաւ: Սեղանները առատէին Քեսապի աւանդական հացերով, բոկեղով ու հերիսայով: Գինին առատօրէն կը ծորէր սեղաններէն, քեսապերէն խաղիկներն ու պարերգները հնչեցին, ոտքի ելան քեսապ- ցիք եւ իսկոյն Քեսապի հայրենաւանդ ոգին փոթորկեցաւ, քեսապցիք պարեցին ուս-ուսի տալով. իրենց ոտքերուն տակ հողն անգամ թնդաց:
Ուրախութեան այս հարբեցնող ալիքին խառնուեցաւ ռուպին զգլխիչ բոյրը եւ բոլորը հաւաքուեցան կրակին շուրջ: Ջրադդումը կը բարձրանար վեր, շատ վեր, ու մէջէն կը ծորէր տաք ռուպը եւ տաշտին մէջ պղպջակները կը կազմէին փրփուրը: Մեծ թէ փոքր դափնիի տերեւներ քաղեցին ու ճաշակեցին զայն:
Ձեռնարկին երկրորդ օրը, Շաբաթ, 25 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ պարահանդէս «Նիրվանա» համալիրի սրահին մէջ: Մթնոլորտը շէնշող էր: Կ՚արժէ յիշել, որ պարահանդէսին սրտաբուխ նուիրատուութենէն կոկիկ գումար մը հաւաքուեցաւ ի նպաստ Ուսումնասիրաց ճեմարանին:
Կիրակի առաւօտ, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Պատարագ, ապա՝ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ննջեցեալ ուսումնասիրացականներու հոգիներուն, որմէ ետք բազմութիւնը համախմբուեցաւ Քեսապի ժողովրդային տուն-գրադարան, որ նոյնպէս 100 տարեկան էր Տեսաերիզով ցուցադրուեցան գրադարանի պատմական արժէք ներկայացնող գիրքերը, որոնց մասին որոշ տեղեկութիւններ ու մանրամասնութիւններ հաղորդուեցան: Ժողովրդային տան բակին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ գիրքերու ցուցահանդէս-վաճառք:
Ձեռնարկի յոբելենական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Սարդարապատ սրահին մէջ, Կիրակի, 26 Սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7-ին: Գեղարուեստական յայտագիրը քեսապցիք ճոխացուցած էին երգով, պարով ու ասմունքով, որոնք ջերմացուցին ներկաներուն հոգիները: Օրուան բանախօսն էր՝ Պրն. Վահէ Ղազարեանը: Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առին ԱՄՆահանգներէն, Լիբանանէն, Ծոցի երկիրներէն, Գանատայէն եւ Հալէպէն ժամանած քեսապցիները:
Երբ հանդիսութիւնը վերջ գտաւ, ոչ ոք կ՚ուզէր հեռանալ ստեղծուած ջերմ մթնոլորտէն: Երեք օրերու ընթացքին կազմակերպուած ձեռնարկները լիացուցած էին բոլորը, իսկ հիմա հրաժեշտի պահը ճնշող էր եւ յուզիչ: Խեղդուած ձայներով ու թաց աչքերով ողջագուրուեցան, առատ մաղթանքներ փոխանցեցին իրարու:Քանի մը օրէն ամէն թռչուն պիտի ձգէր իր հայրենի հողի եզերքը՝ Քեսապը, ու պիտի վերադառնար իր բոյնը՝ իրեն հետ տանելով քիչ մը յուշու կրկին վերադառնալու մեծ երազը:
Սիլվի Աբէլեան