«ԱՐՑԱԽ» Պարխումբի ելոյթ Քեսապի մէջ

Գարնան զարթօնքին հետ,  կը զարթնի նաեւ քեսապահայ մանուկն ու պատանին, երիտասարդն ու ալեհերը, ապացուցելու համար, թէ այստեղ տակաւին կայ հայ, տակաւին կայ՝ կեանքը սիրող բուռ մը ժողովուրդ կառչած իր հողին ու մշակոյթին: Ժողովուրդ մը որ կը հաւատայ , թէ իւրաքանչիւր խստաշունչ ձմրան կը յաջորդէ պայծառ արեւ, շենշող գարուն:

Ուրբաթ 30 Ապրիլ 2010-ին երեկոյեան  ժամը 8:30 –ին վերանորոգուած «ՍԱՐԴԱՐԱՊՏ»Սրահէն ներս, ելոյթ ունեցաւ  Համազգային Քեսապի Համօ Օհաջանեան մասնաճիւղի «ԱՐՑԱԽ» պարախումբը, վաստակաւոր ու համբերատար պարարուեստի ուսուցիչ յանձինսՊետրոս Ղարիպեանի ղեկավարութեամբ: Մանուկ պատանիներու խանդը կ’արտացոլար Սրահի բեմէն’ կարծես ըլլային ոսկեթոյր թիթեռնիկներ , որոնք կը թռչկոտէին հեզաճկուն ներկայացնելու հայ պարը մշակութասէր հանդիսատեսին:

Մասնաճիւղի ատենապետ տիար Արա Քէշիշեան բարի գալուստի խօսքով դիմաւորեց բոլոր ներկաները հոգեւոր հայրեր, Շրջ.Միութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ  ու բազմահոծ հանդիսադեսներ:Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ «Պարը միջազգային լեզու մըն է, մարդկային այլաբնոյթ եւ յոյզերու դրսեւորման ազնուագոյն միջոցներէն մին , որ կարտայայտէ սէր, կարօտ, վիշտ, ուրախութիւն  եւ նոյնիսկ պորթկում….»։ Ապա ան կոչ ուղղեց Քեսապի բոլոր երիտասարդութեան մաս կազմելու Արցախ պարախումբին ու շարունակելու անոր գործունէութիւնը ու աւելի պայծառացնելու զայն յանուն հայ մշակոյթի պահպանման ու գոյատեւման:

Ելոյթի բացումը կատարեց օրուան հանդիսավարուհի Տիկ. Թամար Քէշիշեան: Ան իր յատուկ ոճով ողջունեց հանդիսատեսները, մեծ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակ «Բարեւ» կտորով: Ապա Կասիոս լերան տակ բազմած Քեսապը նմանցնելով Սասնոյ բերդին բեմ հրաւիրեց «Արցախ» պարախումբի անդամ ու անդամուհինրը ըսելով  Հալալ է քեզ Սասուն պարի………..Պարախումբը իր 21 կրտսերներով եւ 16 պատանի-պարմանուհիներով, կատարեց «Սասնայ-Բերդը» , մեծապէս գնահատուեցաւ ներկաներուն ծափողջոյներով: Պարախումբը յաջորդաբար ներկայացուց «Պարմանի պարը» հայկական ու ժողովրդական պարերու շարան: Յայտագրին մաս կազմեցին կրտեսներէն ասմունքներով աւելի ճոխացնելու յայտագիրը: Փոքրիկն Վահան Սաղտճեան արտասանեց Յ.Թումանեանի «Հին օրհնութիւն» կտորը, պարերու ընդմիջումներուն յաջորդաբար ասմունքեցին փոքրիկներ Խաժակ – Ատուր Սողմոնեան Յ.Շիրազի «Հայրենիք», Յոյշիկ Բաբուճեան Ս.Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդւոյն» եւ Լիլիթ Պոյմուշաքեան Յ.Շիրազի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» կտորները: Քեսապցի սիրուած երգիչ Սեւակ Պետուրեան անբաժան չմնաց յայտագրէն ան իր երգով գովաբանեց Քեսապը: Ապա մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ յայտագրի աւարտին երբ բեմ բարձրացան Արցախ պարախումբի բոլոր մասնակցողները ներկայացնելու հայկական աւանդական Քոչարի պարը:

Ելոյթի փակման խօսքը կատարեց Տէր Քհն. Սարգիսեան, շեշտելով թէ մեր մատղաշ սերունդը այս հայկական փոքր գիւղին մէջ բախտաւոր է որովհետեւ ունի Համազգայինի պէս եռանդուն միութիւն որ իր բազմապիսի ձեռնարկներով կը ճոխացնէ մեր մշակութային կեանքը ու կը գոհացնէ Քեսապահայութեան պահանջքն ու ճաշակը: խօսքը ուղղելով վաստակաւոր պարուսոյց Տիար Պետրոս Ղարիպեանին ըսաւ ամենէն մեծ ու  լաւագոյն մետալը որ կը ստանանք, այդ չէ ինչ կը զարդարէ ձեր կուրծքը, այլ այս հոծ բազմութեան վստահութիւնն ու վկայագիրը. բայց տակաւին մենք աւելիին կը ձգտինք: Ապա Պահպանիչով փակեց ձեռնարկը:

Գնահատանքի արժանի այս երեկոն, ներշնչեց Քեսապի հանդիսատեսը, շնորհիւ Համազգայինի եռանդուն վարչութեան նաեւ իր կողքին աշխատող անձնուէր ու ժրաջան պարարուեստի յանձնախումբի անդամներուն, որոնք ջանք չխնայեցին յաջողցնելու ձերռնարկը:

Բարի երթ ու նորանոր յաջողութիւններ համազգայինի Համօ Օհանջանեան մասնաճիւղի գործունէութեան եւ «Արցախ» պարախումբին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>