ԱԲԵՂԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը մեծ ուրախութեամբ իր ուխտապահ շարքերուն մէջ ողջունեց մուտքը երեք նորագիր ուխտեալներու՝ Գէորգ սրկ. Արապեանի, Միքայէլ սրկ. Թաշճեանի եւ Յովհաննէս սրկ. Թահանեանի, որոնք դպրեվանքի ընթացքը աւարտելով, Արամ Ա. կաթողիկոսի արտօնութեամբ կուսակրօն քահանայութեան կարգ ստացան եւ զինուորագրուեցան Կիլիկեան սուրբ աթոռին:

Կիրակի, 6 յունիս 2010-ին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ պատարագեց, քահանայական ձեռնադրութիւնը կատարեց եւ քարոզեց Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան: Խարտաւիլակութիւնը կատարեց Մեսրոպ աբղ. Սարգիսեան:

Շաբաթ, 5 յունիսի երեկոյեան ժամը 4.30-ին, Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ կոչման արարողութիւնը, որուն ընթացքին հաւատքի խոստովանութիւն կատարուեցաւ։ Հայ եկեղեցւոյ դաւանանքին, ծէսին, աւանդութեանց ու եկեղեցւոյ սրբազան հայրապետներու հաստատած կանոններուն հաւատարմութեան խոստում տալով՝ ընծայեալներ հրապարակաւ նզովեցին բոլոր՝ հին ու նոր ժամանակներու հերետիկոսները եւ տարբեր ուսուցումներով հաւատացեալները մոլորեցնող ուսուցիչները։ Ապա, ժողովուրդին ներկայութեան, հրապարակաւ ծնրադիր ընթերցեցին Կիլիկեան Ս. աթոռին զինուորագրուելու իրենց նուիրական ուխտը։

Կիրակի օր, Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագին հանդիսապետեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս։ Յընթացս Ս. պատարագի, ընծայեալները ծնրադիր բարձրացան Ս. խորան, ուր աշխարհէ հրաժարման սրտառուչ պահէն ետք հրաւիրուեցան Քրիստոսի ծանր, սակայն քաղցր լուծը առնելու իրենց ուսերուն։

Սրբալոյս միւռոնով օծման պահուն, ձեռնադրիչ սրբազանը դրոշմեց ընծայեալներուն ճակատը, աջ ու ձախ ձեռքերը՝ նոր անուն տալով անոնց իբրեւ նորոգուած՝ Աստուծոյ ծառայութեան ընծայուած նոր մարդ։ Անուանակոչութեան պահուն, Գէորգ սարկաւագը վերանուանուեցաւ Արտակ քահանայ, Միքայէլ սարկաւագը՝ Վարդան քահանայ, իսկ Յովհաննէս սարկաւագը՝ Հրանդ քահանայ։ Ապա անոնք տուին իրենց անդրանիկ «խաղաղութիւն»ը Մայր տաճարին մէջ հաւաքուած հաւատացեալներուն։ Սրբազանը իր քարոզին մէջ վեր առաւ աստուածային ու երկնաւոր շնորհին կերպարանափոխող զօրութիւնը, որ նորընծաները սարկաւագութենէ քահանայութեան կոչեց: Սրբազանը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց վեհափառին, այս ձեռնադրութիւնը իրեն վստահելուն համար: Ապա շնորհաւորեց միաբանութիւնը, դպրեվանքի տեսչութիւնը եւ նորընծաներուն ծնողները:

Ողջոյնի պահուն վեհափառին գլխաւորութեամբ, ներկայ ամբողջ միաբանութիւնը խորան բարձրացաւ համբոյրով ողջունելու նորընծաներուն մուտքը հայ եկեղեցւոյ ծառայութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանական ուխտին մէջ։

Օծման ու անուանակոչութեան պահէն ետք, նորընծաները աւանդատան մէջ ստացան առաջին լուացումը իրենց կնքահօր՝ ազգային բարերար Գաբրիէլ Չէմպէրճեանի կողմէ։ «Հայր մեր»էն անմիջապէս առաջ տեղի ունեցաւ վեղարի օրհնութիւն, որով կուսակրօնութեան իբրեւ նշան, միաբանական կնգուղը դրուեցաւ նորընծաներուն գլխուն։

Վեհարանին մէջ նորընծաները ծունկի եկան վեհափառին առջեւ եւ պահպանիչով ստացան անոր օրհնութիւնը։ Արամ Ա. կաթողիկոս այս առիթով հայրական իր խօսքը ուղղեց նորընծայ հայր սուրբերուն բարձր պահելու Կիլիկեան Ս. աթոռի միաբանի իրենց կոչումը, եւ ծառայութեան ճամբով արժեւորելու իրենց դիմաց բացուող նոր կեանքը:

Յառաջիկայ 40 օրերուն ընթացքին նորընծայ հայր սուրբերը պահեցողութեան, աղօթքի ու խոկումի պիտի նուիրուին՝ Տիրոջ օրինակով պատրաստուելու իրենց առաքելութեան։

Սոյն յօդուածը առնուած է ԱԶԴԱԿ օրաթերթի Յունիս 7-ի թիւէն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>