Տասնամեակի տօնախմբութիւն

Քեսապի Հ.Ե.Ը. միութիւնը տօնեց իր տասնամեայ գործունէութեան տարեդաձը միջ միութենական մթնոլորտի մը մէջ: Տօնախմբութեան ներկայ էին միութեան բոլոր անդամները եւ որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ նախ սլայտներու  ցուցադրում, որոնց միջոցաւ ներկայացուեցաւ 10 տարիներու գործունէութեան բոլոր հանգրուանները. ապա գեղարուեստական յայտագրով միութեան անդամ պատանիներն ու երիտասարդները բեմ եկան ներկայեացնելու հայերէն երգեր ու բանաստեղծութիւններ որուն յաջորդեց կարկանդակի բեկանում, հիւրասիրութիւն՝ հուսկ ուրախ եւ ընտանեկան մթնոլորտի մը մէջ վերջ գտաւ տօնախմբութիւնը:

Շարունակելով իրենց գործունէութիւնները Հ.Ե.Ը.-ի պատանիները սկսան իրենց երկրորդ տասնամեան հաւաքոյթով մը բարեկենդանի տօնին առթիւ 13 փետրուարին. իսկ 14-ի գիշերը միութեան երիտասարդները կազմակերպեցին պարանցիկ երեկոյ մը որ տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր դարձեալ տօնական եւ ընտանեկան մթնոլորտի մը մէջ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>