ՏՈՀՄԻԿ ԵՐԵԿՈՅ
Կազմակերպութեամբ համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան եւ ընկերային յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ աւանդական «Տոհմիկ երեկոյ»ն Չորեքշաբթի 10 Փետրուար 2010-ին ճաշարան «Ռազուք» Սեւանէն ներս :
Բացման խօսքը կարդաց մասնաճիւղի ատենապետ Պր. Արա Քէշիշեանը: Ան ըսաւ՝ տոհմիկ երեկոն կը զուգադիպի այս տարի Վարդանանց-ի, Տեառնընդառաջի եւ Բուն Բարեկենդանի տօներուն հետ: Ան անդրադարձաւ իւրաքանչիւր տօնի կարեւորութեան եւ իմաստին վրայ. Եւ ըսաւ պէտք է տէր կանգնինք մեր ազգային ու հոգեւոր արժէքներուն եւ պահպանենք զանոնք, որովհետեւ անոնց վրայ կը հիմնուի մեր ինքնուրոյնութիւնը: Ազգային տոհմիկ աւանդութիւնները կը ներկայացնեն մեր անգիր պատմութիւնը, որ դարերու ընթացքին սերունդէ սերունդ փոխանցուած է մեզի հարազատ եւ փաստեցի տուեալներով. Անոնք կը պատմեն եւ կը վերակենդանացնեն մեր նախնեաց բարքերը ու աւադութիւնները :
Երեկոյին մատուցուեցան Քեսապի տոհմիկ ճաշեր պատրաստուած յանձնախումբի տիկիններուն կողմէ: Աշուղական նուագախումբի հետ ներկաներու երգեցողութեամբ ճոխացաւ երեկոն, նաեւ Պրն. Ժիրայր Թրթռեանը իր Աշուղական եւ Քեսապի բարբառի երգերով խանդավառեց երեկոն. տեղի ոնեցան անակնկալներ եւ մինչեւ լուսաբաց հնչեց Հայկական զուռնան, տհոլն ու թմբուկը: