ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ
Հինգշաբթի 11-Փետրուար 2010-ին ժամը 11-ին կազմակերպութեամբ Հայ երեք Համայնքներուն. տեղի ունեցաւ «Վարդանանք» Տօնախմբութիւնը Քեսապի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Բացման խօսքը կատարեց պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան. ապա միացեալ երգջախումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ կոկիկ գեղարուեստական յայտագրով մը. խմբավարութեամբ Հայր Գարեգին վրդ. Քէօշքերեանի: Օրուան բանախօսն էր Տէր Եղիշէ քհնյ. Սարգիսեան ՝ որ անդրադարձաւ համառօտ Վարդանանց ճակատամարտին. նաեւ շեշտեց ըսելով. «Աւարայրի ճակատամարտը անցեալ չէ, այլ շարունակուող ներկայ մեր ամենօրեայ կեանքին մէջ». ան կոչ ուղեց բոլոր հայ ժողովուրդի զաւակներուն որ ամուր մնան իրենց հաւատքին մէջ, դաստիարակեն իրենց զաւակները Աստուածաշունչի ընթերցողութեամբ, որպէսզի լուսաւորուի իրենց մտքերն ու հոգիները Աստուծոյ խօսքով եւ լաւ ծանօթացնեն նոր սերունդին հայոց պատմութիւնը. Տէր Հայրը աւելցուց . «Եկէք լսենք Վարդանանց ձայնը եւ ապրինք անոնց հոգիով հետեւինք Աւետարանի սկզբունքներուն ու քալենք անշեղ հոգեպաշտ ու հոգենուէր մեր հայրերու կեանքի ճամբէն: Լեցնենք մեր եկեղեցիները ամէն կիրակի, եւ ուղենք մեր զաւակները դէպի կրօնասիրութիւն եւ ազգասիրութիւն: Մաքուր պահենք մեր մայրենի լեզուն, որով առաջին անգամ հաղորդակից դարձանք Աստուծոյ խօսքին: Այս էր ու այս է Վարդանանց պատգամը այսօր եւ յաւիտեան»:
Հանդիսութեան փակման խօսքը կատարեց Հ . Գարեգին Վրդ. Քէօշքերեան եւ հրաւիրեց հաւատացեալ ժողովուրդը միասնաբար երգելու Տէրունական Աղօթքը եւ «Կիլիկիա» երգով վերջ գտաւ օրուանհանդիսութիւնը: