Դասախօսութիւն՝ «Դպրոցական մանուկներու հոգեբանութիւն եւ դաստիարակութիւն

Կազմակերպութեամբ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Մեղրի մասնաճիւղի վարչական յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ Դասախօսութիւն, հինգշաբթի 28/01/2010, Սահակեան սրահէն ներս: Զեկուցողն էր Տոքթ. Շողեր Աշըգեան, եւ զեկոյցի նիւթն էր «Դպրոցական մանուկներու հոգեբանութիւն եւ դաստիարակութիւն»: Ան իբր նախաբան ներկայացուց Քեսապահայը ոչ իբր բնակիչ գիւղի մը անջատ աշխարհէ, այլ՝ աշխարհի զարգացումներէն տեղեակ, յարմարող այսօրուան կենցաղին եւ այժմէականացած գիտելիքներով ըլլայ հեռատեսիլի ճամբով թէ համացանցի միջոցով:

Ան անդրադարձաւ դաստիարակչական սկզբունքներու, ծրագիրներուն եւ հեռանկարի կարեւորութեան մասին. 1. Անհատի մը, փոքրիկի մը ամբողջական դաստիարակութիւնը նախ հոգեկան է: 2. Դաստիարակութիւնը կապուած է միջավայրին հետ. 3. Խուսափիլ փոքրիկներու վրայ ճնշում բանեցնելէ այլ հետերնին ընկերակից դառնալ, եւ ջանալ լաւ օրինակ դառնալ փոքրերուն, մանաւանդ մեր այսօրուան նիւթապաշտ աշխարհի մէջ: 4. Ջանալ փոքրիկին ժամանակ տրամադրել եւ կողքին ըլլալ մանաւանդ փոքրիկին կարողութիւնները զարգացնելու եւ իր անհատականութեան կերտումին համար:

Ան իր խօսքը աւարտեց շեշտը դնելով հայեցի դաստիարակութեան վրայ,  անհրաժեշտութիւնը փոխանցելու մեր զաւակներուն հայրենի արժէքները ի գին ամէն զոհողութեան. Հայ լեզուն իր քերականութեամբ, հայոց պատմութիւնն ու հայ գրականութիւնը: Դասախօսութիւնը շուրջ մէկ ժամ տեւեց, սակայն մեծապէս օգտաշատ նկատուեցաւ ներկաներուն կողմէ որ գոհունակ ժպիտով վերադարձան իրենց տուները:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>