Քեսապի Հայ Կաթ. Ս. Միքայէլ Եկեղեցւոյ զոյգ խորաններու Սրբապատկերներու Օծում
Կիրակի, 8 Նոյեմբեր 2009-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, բարձր հովանաւորութեամբ՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս-Պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Ս. Միքայէլ վերանորոգուած եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցանեց Արհ. Գերպծ. Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան եւ կատարեց երկու սրբապատկերներու օծման արարողութիւնը, առընթերակայութեամբ՝ Գերյ. Հ. Անդրանիկ Ծ. Վ. Այվազեանի եւ Հ. Գարեգին Վ. Քէօշքերեանի: Եկեղեցին լեցուած էր խուռներամ հաւատացեալներով: Ներկայ էին բարերարներ, Լիբանանէն հիւրեր եւ Քեսապցի հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:
Ս. Աստուած շարականէն ետք, Գերյարգելի Հ. Անդրանիկ թափօրով բերաւ Սրբալոյս Միւռոնը: Գերպծ. Տէրը սկսաւ սրբապատկերներու օծման արարողութիւնը ըստ հայկական աւանդութեան, նախ գինիով եւ հացի միջուկով սրբեց պատկերները եւ ապա Ս. Միւռոնով օծեց զանոնք: Մէկ սրբանկարը նուիրուած է Քեսապի Տիրամօր, իսկ միւսը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին: Այս երկու պատկերներու հեղինակն է Քեսապի տաղանդաւոր իւղանկարիչ Հրաչ այնթապլեան:
Այնուհետեւ Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան քարոզին սկիզբը իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես ներկայ Հ.Կ.Մ.ի ջահակիր-պատանիներուն, ան մաղթեց որ ծնողքները աւելի զաւակ բերեն որպէսզի գէթ մին նուիրեն Աստուծոյ: Ան փակեց իր խօսքը շնորհաւորելով Հ. Գարեգինը՝ իր տարած անխոնջ ու նուիրեալ առաքելութեան համար: Պատարագի աւարտին, Գերյ. Հ. Անդրանիկ Ծ. Վ. Այվազեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց, յայտնելով իր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները ժողովրդապետին եւ համայնքի զաւակներուն: Նաեւ խօսք առաւ համայնքիս ժողովրդապետ Հ. Գարեգին Վ. Քէօշքերեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Արհ. Գերապայծառին, Գերյարգելիին, բարերարներուն եւ բոլոր անոնց որոնք սրտանց եւ ուրախութեամբ կը ծառայեն Ս. Եկեղեցիին: Հուսկ, Գերապայծառ Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան եկեղեցւոյ բակին մէջ, բացումը կատարեց Աստուածամօր նուիրուած նորակառոյց քարայրին: Հոգեպարար արարողութիւնը վերջ գտաւ պատշաճ հիւրասիրութեամբ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը մեկնեցաւ բերկրալիր զգացումներով եւ տպաւորութիւններով:
Մեր անհուն եւ սրտաբուխ շնորհակալութիւնները կը յայտնենք բոլոր բարերարներուն, որոնք իրենց լուման դրին Քեսապի Հայ Կաթ. Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ վերանորոգման եւ բարեզարդարման այս սրբանուէր գործի յաջողութեան համար:
Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք բոլորին եւ ի մասնաւորի՝ Ներսէսեան ընտանիքին (Միացեալ Նահանգներ), Ճարտարապետ՝ Յակոբ Պէտրճիքեանի, Պօղոս Պէօճիւքեանի, Պետրճիքեան եղբայրներուն, Վարդան Կէօքճեանի, Մկրտիչ Քալլուկեանի, Ռաֆֆի Պէօճիւքեանի, Սարգիս Սուլեանի, Աւօ Զահթէրեանի, Քիլաղպեան ընտանիքին (Լիբանան), Փօլ Գրիգոր Պէօճիւքեանի, Մովսէս Մանճիկեանի եւ բոլոր հաւատացեալ առատաձեռն ու բարեսէր ժողովուրդին: Կը յիշենք թէ Սիրտ Յիսուսի արձանը նուէր է Արժն. Տէր Ալիշան Քհն. Աբբարդեանի, իսկ Քարայրը՝ Նշան Սուլեանի կողմէ:
Թող Աստուած վարձահատոյց ըլլայ բոլորին: Վարձքը կատար բոլորին: