ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՕԾՈՒՄ ԳԱԼԱՏՈՒՐԱՆԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

«ՄԻԱՅՆ ԵԿԵՂԵՑԻ ՊԻՏԻ ՉԵՐԹԱՆՔ, ԱՅԼԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԲԵՐԵՆՔ» ՊԱՏԳԱՄԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կիրակի, 18 հոկտեմբեր 2009-ը Քեսապի հայութեան պատմութեան էջերուն վրայ ոսկեայ տառերով արձանագրուեցաւ, հայու հոգիին ու նկարագիրին ամէնէն հարազատ՝ եկեղեցաշինութեան աշխատանքի յիշատակութեամբ: Աւելի՛ն. նոյն թուականը պիտի մնայ յաւէտ յուշ ու յիշատակ, որովհետեւ Արամ Ա. կաթողիկոս անձամբ այցելեց Քեսապ, եւ Գալատուրանի Ս. Աստուածածին նորակառոյց եկեղեցին օծեց:

Վեհափառին կ՚ընկերանային թեմակալ առաջնորդ՝ Շահան եպս. Սարգիսեան, Նորայր եպս. Աշըգեան, Վահան Ծ. վրդ. Պէրպէրեան, Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան, Սիփան վրդ. Քէչէճեան, Մեսրոպ աբղյ. Սարգիսեան, Ղեւոնդ աբղյ. Բենդեզեան եւ Վարանդ աբղ. Քորթմոսեան: Աշխարհական դասէն ներկայ էին թեմի գաւառական եւ քաղաքական ժողովներու անդամները, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար Սեպուհ Մանճիկեան:
Օր մը առաջ, շաբաթ, 17 հոկտեմբերի երեկոյեան, թեմակալ առաջնորդին գլխաւորութեամբ եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու, տեղի ունեցաւ նորաշէն եկեղեցւոյ «Դռնբացէք»ի արարողութիւնը:

Կիրակի առաւօտ վեհափառը ժամանեց նորակառոյց եկեղեցին, որու շրջափակին մէջ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը ցնծութեան աղաղակներով դիմաւորեց հովուապետը: Սաղմոսներու եւ շարականներու երգեցողութեամբ եւ ժողովուրդի բազմութեան կողմէ «Ամէն, Ալէլուիա»ի միաբերան կատարումով, վեհափառը օծեց եկեղեցւոյ սուրբ խորանը: Եկեղեցւոյ գլխաւոր սիւներու օծումէն ետք, վեհափառը թելադրեց առաջնորդ Շահան սրբազանին եւ Նորայր սրբազանին, որպէսզի հերթաբար օծեն եկեղեցւոյ բոլոր սիւները:
Օծման աւարտին իր հայրապետական պատգամը փոխանցելով ներկայ բազմութեան, վեհափառը վեր առաւ եկեղեցաշինութեան առաքինութիւնը: «Մեր զաւակները, ուր որ գացած են, իրենց տան կողքին եկեղեցին շինած են», ըսաւ ան: Սակայն, վեհափառը բաւարար չնկատեց քարեղէն եկեղեցիներուն սլացիք բարձրացումը դէպի երկինք: Ան նաեւ աւելցուց, թէ «միայն եկեղեցի չշինենք, ոչ ալ միայն եկեղեցի երթանք, այլեւ եկեղեցին մեր կեանքին մէջ բերենք, մեր առօրեային մէջ, մեր կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ: Եկեղեցին Քրիստոսի ներկայութիւնն է խորհրդական, որ եկեղեցւոյ ճամբով զգալի կը դառնայ մեր կեանքին մէջ»:

Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր ու ազգային նկարագիրին անդրադառնալով՝ վեհափառը ըսաւ, թէ «անիկա միայն քար չէ, աղիւս, փայտ ու երկաթ չէ՛, եւ մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին այդպէս չեղաւ: Անիկա վայր մը չէ, ուր միայն պատարագ, ծէս ու խորհուրդ կը կատարենք: Չմոռնանք, որ հայոց այբուբենը մեր եկեղեցւոյ կամարներուն տակ ծնունդ առաւ: Չմոռնանք, որ մեր եկեղեցին մեզ հաւատքի ու մարտի մղեց, ազգովին մեզ դէպի հաւատամարտ՝ դէպի Աւարայր տանելով: Չմոռնանք, որ մեր եկեղեցին շտեմարան մըն է հոգեմտաւոր արժէքներու: Ան է, որ մեզի ընծայեց նարեկացիներ ու շնորհալիներ, որոնք Աստուծոյ մտերմութեան մէջ ապրեցան աղօթքի ճամբով, ու իրենց հանճարով մեզ աւելի մօտեցուցին Աստուծոյ»:

Սուրբ եւ անմահ պատարագէն անմիջապէս ետք, թափօրը ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ մուտքը, ուր վեհափառին հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ մատաղօրհնէքի արարողութիւն: Ապա, վեհափառի սուրբ աջով բացումը կատարուեցաւ պատին ամրացուած մարմարեայ յուշաքարին, մինչ ժողովուրդը միաբերան կ՚երգէր «Կիլիկիա»ն ու «Ի վեհ բարձանց» հայրապետական մաղթերգը:

Սոյն յօդուածը առնուած է www.aztagdaily.com կայքէջէն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>