Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԼԱԹԱՔԻԱ ԵՒ ՔԵՍԱՊ

ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Ուրբաթ 16 Հոկտեմμեր 2009-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Սուրիա: Վեհափառ Հայրապետը ընկերակցութեամբ յատուկ պատուիրակութեան, Լաթաքիոյ մէջ պիտի դիմաւորուի տեղւոյն հայ համայնքին կողմէ, ուր պիտի նախագահէ ի պատիւ իրեն կազմակերպուած շարք մը ազգային հանդիսութիւններու: Ապա, Նորին Սրբութիւնը պիտի բարձրանայ Քեսապ, ուր համաժողովրդային մեծաշուք հանդիսութեամբ, ու եկեղեցական արարողութեամբ պիտի կատարէ օծումը Գարատուրանի շրջանի նոր եկեղեցիին:Պատմական քանի մը օրերը Սուրիահայութեան համար պիտի ըլլան քաջալերանքի ու հոգեկան վերարթնութեան օրեր, երբ մեր ժողովուրդի զաւակները առիթը պիտի ունենան վայելելու Նորին Սրբութեան օրհնաբեր ներկայութիւնը եւ լսելու Վեհափառ Հայրապետին հոգենորոգ պատգամները:

Առնուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կայքէջէն.
www.armenianorthodoxchurch.org

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>