8 Սեպտեմբերը՝ Տիրամօր Ծննդեան Տօնը,  Մխիթարեան Միաբանութեան հիմնական տօներէն մին է եւ ամէն տարի անխափան այդ օրը մեծ շուքով կը յիշատակուի Երանաշնորհ Հիմնադրին օրերէն սկսեալ, քանի Մխիթարեան միաբանութեան ծնունդն ալ կը համընկնի այդ գեղեցիկ տօնին։ Այս տարի ուրիշ ուրախ տարեդարձ մըն ալ եկաւ հարստացնելու այս շնորհաբեր օրուան խորհուրդը. Սոյն օրը Միաբանութիւնս ուզեց տօնել նաեւ Գերշնհ. Վարդան Արք. Քեշիշեանի քահանայութեան ձեռնադրութեան յոբելինական յիսնամեակը, կատարուած նոյն եկեղեցիին մէջ:Առաւօտեան ժամը 11.00-ին    տեղի ունեցաւ Սուրբ Եւ Անմահ ձայնաւոր Պատարագ զոր մատուցեց հոբելեար Սրբազան Հայրը: Սրբազանը քարոզի պահուն իր շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան աղօթքը բարձրացուց Աստուծոյ որ զինք միշտ առաջնորդած, լուսաւորած եւ ուղղած է իր քահանայութեան 50 տարիներու ընթացքին, իր առաքելութիւնը ջանացած է կատարել միշտ Սեբաստացի Մխիթար Աբբահօր տեսլականով՝ Աստուծոյ փառքին եւ Հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ մշակութային լուսաւորման համար, սիրով եւ պատրաստակամութեամբ ընդունած է իր մեծաւորներուն կարգադրութիւնները եւ կրցածին չափ իր չնչին լուման ալ բերած է միաբանութեան հոգեւոր ու մշակութային գործունէութեան: Սրբազանը նաեւ շեշտեց որ ձեռնադրութենէն ի վեր դառնալով Որդեգիր Կուսին ըստ Մխիթարեան Միաբանութեան նշանաբանին, յանձնուած է Աստուածամօր պաշտպանութեան, որուն խորապէս ջերմեռանդ է եւ վստահ որ անոր բարեխօսութեամբ իր Որդւոյն հովանին եւ օգնութիւնը անպակաս կ՚ըլլայ մեր վրայէն: Պատարագին ներկայ էին հոգեկից հայրերը, դպրեվանքի նորընծաները, հարազատներ, Քեսապցի համագիւղացիներ, բարեկամներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդ:Սուրբ Պատարագին յաջորդեց հացկերոյթ որուն ընթացքին բաժնուեցան յիշատակի սրբապատկերներ, տեղի ունեցան բարեմաղթութիւններ եւ կարդացուեցան հեռագիրներ ուղղուած Սրբազանին առաքելութեան մէջ գտնուող միաբանակից հայրերէն եւ գեղարուեստական յայտագիր մը պատրաստուած վանքի նորընծաներու կողմէն:Մանրամասն կարդալու համար՝ click here

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>