ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԽԱՉՔԱՐ ՔԵՍԱՊԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇՐՋԱՓԱԿԻՆ ՄԷՋ

Արեւմտահայ տարագիր բեկորներ իրենց ապրած գաղութներուն մէջ առօրեայ մտածումի կիզակէտ ունին մօտիկ անցեալի Ցեղասպանութիւնը, որուն որպէս հետեւանք՝ դժբախտ պայմաններու մէջ ստեղծուած է հայկական սփիւռքը, ուր ամէն հայ ընտանիք իր նախնիներէն նահատակներ ունի, եւ որոնց յիշատակը յարգելու պարտաւորութիւնը այսօր բոլոր ժամանակներէ աւելի հրամայական է։
Մեր մշակութային արժէքներու՝ ձեռագիրներու, մանրանկարչութեան, գեղակերտ եկեղեցիներու, գրականութեան եւ երաժշտութեան շարքին ինքնատիպ են հայկական խաչքարերը, որոնք կանգնած են հայաշխարհի տարածքին, յաճախ ենթակայ՝ քանդումի եւ աւերումի։ Այս իմաստով խաչքարերն ալ նահատակութեան խորհրդանիշ դարձած են մեր պատմութեան մէջ։
Սուրիահայ եւ լիբանանահայ կեանքին մէջ իրենց ներդրումը ունեցած Էպլիղաթեան ընտանիքի զաւակները ազնիւ գաղափարը ունեցան Հայոց ցեղասպանութեան խաչքար մը որպէս վկայարան կանգնեցնել Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ՝ ի յիշատակ իրենց ննջեցեալներուն։
Չորեքշաբթի, 23 սեպտեմբեր 2009-ի առաւօտեան ժամը 11։00-ին, կատարուեցաւ նորակերտ խաչքարի օծման արարողութիւնը՝ ձեռամբ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի, որուն կողքին եկեղեցական արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Յուսիկ Ա. քհնյ. Սեդրակեան, Հայկազ քհնյ. Մասոյեան, Զարեհ քհնյ. Շաքարեան եւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան։
Առաջնորդ սրբազան հայրը կանոնական աղօթքը կատարեց Քեսապի պատմական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ խորանին դիմաց, ապա քահանայից դասուն ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ մուտքի դրան ձախին՝ նորահաստատ խաչքարին շուրջ, ուր համախմբուած հաւատացեալներու ներկայութեան, շարականներու երգեցողութեամբ եւ քահանաներու Ս. Գիրքէն խաչի աղօթքներու ընթերցումէն ետք, սրբազան հայրը կատարեց հանդիսաւոր օրհնութեան եւ օծման արարողութիւնը՝ «Յանուն ժողովրդեանս եւ նահատակաց մերոց» աննիւթական աղաւնիի կտուցէն ծորած սրբալոյս միւռոնով կնքելով քարակերտ խաչին գագաթը եւ աջ ու ահեակ կողմերը։
Առաջնորդ Շահան սրբազան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ հայկական աւանդութեան համաձայն, խաչքարը ո՛չ միայն ցուցանիշն է մարդկային կեանքի աւարտին վախճանի մը, այլ յատկապէս մեր քրիստոնէական հասկացողութեամբ, դուռն է երկնքին եւ յարութեան ու յաղթանակի նշան է։
Անդրադառնալով այս կատարուած գեղեցիկ արտայայտութեան ու դրսեւորումին, որ մեր ժողովուրդին մէջ գիտակցութիւն կը ստեղծէ, ուր որ հայ մը կ՚ապրի, կան եկեղեցի, ազգային կառոյց, հայ դպրոց, հայ մշակոյթ, ասոնք մէկ ամբողջութիւն են եւ այդ ամբողջութեան հանդէպ մենք պարտականութիւններ ունինք կատարելիք։
Նորօծ խաչքարը իմաստաւորուեցաւ իր շուրջ կատարուած հոգեհանգստեան արարողութեամբ՝ ի յիշատակ Ցեղասպանութեան զոհուած հայ ժողովուրդի նահատակներու եւ խաչքարի բարերար Էպլիղաթեան ընտանիքի ննջեցեալներուն։
Ներկայ հաւատացեալները գոհունակութեամբ մօտեցան եւ համբուրեցին հայադրոշմ նորակերտ խաչքարը եւ օրհնութիւն ստացան անկէ, որ այսօր կանգնած է որպէս հայ ժողովուրդի նահատակութեան խորհրդանիշ եւ նմանատիպը՝ յաճախ խոշտանգումի ենթարկուած հայկական խաչքարերուն։

Առնուած www.Aztagdaily.com կայքէջի 3/10/ 2007 թիւէն

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>