ԲԱԶՄԱՎԱՍՏԱԿ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ ՅԱԿՈԲ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Մահուան քառասունքին առիթով
Զանազան գաղութներու կրթական օճախներու մէջ ծառայած Յակոբ Սահակեան իր աչքերը փակեց Հալէպի մէջ, ուր ապրեցաւ կեանքի վերջին քսանամեակը։ Քեսապի բարձունքին, Էքիզօլուգ գիւղին մէջ իր հօրենական երդիքին տակ ծնած էր 1936-ին։ Նախակրթութիւնը ստացած էր տեղւոյն Ազգ. Ուսումնասիրաց վարժարանին մէջ, ապա՝ Հալէպի նորահաստատ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի մէջ, իբրեւ գիշերօթիկ աշակերտ, որուն շրջանաւարտներու հինգերորդ հունձքին մաս կազմելով՝ աւարտած էր 1957-ին։
Ընդառաջելով իր հօր փափաքին՝ վերադարձած էր հայրենի գիւղ եւ 1957-1958 տարեշրջանին դասաւանդած է տեղւոյն Ազգ. Ուսումնասիրաց միացեալ վարժարանին մէջ։ Ուսուցչական ասպարէզը ընդունելով եւ ընդառաջելով պատկան մարմիններու հրահանգին՝ ան իբրեւ հայրենաւանդ ուսուցիչ յաջորդաբար պաշտօնավարած էր Գամիշլիի (1958-1959), Լաթաքիոյ (1959-1960) եւ Հոմսի մէջ (1960-1961)։
1961-ին, քաղաքական պայմաններու բերումով, կը հաստատուի Պէյրութ եւ կը զբաղի դերձակութեամբ, հանրածանօթ վարպետի մը մօտ։ Դերձակատան յաճախորդներէն՝ բազմավաստակ հասարակական գործիչ եւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի հիմնադիրներէն Հրաչ Փափազեան, երբ կը հանդիպի երիտասարդ ուսուցիչ Յակոբին այլ ասպարէզի մը մէջ, իր վրդովումը կը յայտնէ եւ կը դասաւորէ, որ ան յաջորդ տարեշրջանին պաշտօնավարէ Պուրճ Համուտի Ս. Քառասնից Մանկանց վարժարանին մէջ։
Վերադառնալով կրթական ասպարէզ՝ Յակոբ 1962-1966 կը հաստատուի Պուրճ Համուտ, ապա Յունաստան՝ Աթէնքի Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարան՝ 1966-1970, 1970-1972 տարեշրջաններուն՝ Թրիփոլի եւ 1972-1973 տարեշրջանին՝ Ժիպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ին մէջ։
1973-ին կը հրաւիրուի Քուէյթի Ազգ. վարժարան, ուր կը մնայ մինչեւ 1980։ Ուսուցչական ասպարէզին առընթեր, իր ապրած գաղութներուն մէջ ընկ. Յակոբ Սահակեանի շունչին տակ դաստիարակուած են մատղաշ ու պատանի սերունդներ։1980-ին կը վերադառնայ Քեսապ եւ այս անգամ կը զբաղի հողամշակութեամբ, Տիւզ Աղաճի շրջանին մէջ, ուր տարիներու ընթացքին իր տնկած խնձորենիները կարօտ էին իր մնայուն խնամքին։1989-ին վերջնականապէս կը հաստատուի իր երբեմնի կրթարանին՝ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջանին մէջ, Հալէպի Նոր Գիւղի հայաշատ թաղամասը։ 1993-ին կը կոչուի Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ քարտուղարութեան պաշտօնին։ 2009-ի Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի առաւօտուն, եկեղեցւոյ ելեկտրական շարժակին բանեցման պահուն, աջ ձեռքը արկածի մը հանդիպելով՝ կը կորսնցնէ ցուցամատը եւ կ՚անշարժանան միջնեմատն ու մատնեմատը։ Կեանքի վերջին 6 ամիսները այս արկածին պատճառով կը պարտաւորուի մնալ տունը, առողջական վիճակը կը վատթարանայ եւ կը մահանայ 1 յուլիս 2009-ին։
Յակոբ Սահակեան 1992-1997 տարիներուն մաս կազմեց նաեւ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի անձնակազմին՝ իբրեւ լեզուական սրբագրիչ։ Իսկ մինչեւ իր մահուան տարին՝ ան սիրայօժար կերպով ստանձնած էր նոյն թերթին Նոր Տարուան հաստափոր բացառիկ թիւերուն սրբագրութիւնը։Տխուր է անդրադառնալ սակայն, թէ իր մահուան առթիւ զարմանալիօրէն, ամենադոյզն արձագանգ մը անգամ չերեւցաւ նոյն թերթին սիւնակներուն մէջ…1964-ին կը կազմէ իր ընտանեկան բոյնը Էօժէնի Պալճեանի հետ եւ կ՚ունենան երկու մանչեր՝ Հրաչ (ի յիշատակ Հրաչ Փափազեանի) եւ Վիգէն։ Պարագաներու բերումով ընտանիքը յաճախ ապրած է հայրական հոգածութենէ հեռու, սակայն իր զաւակները եղած են օրինակելի եւ շնորհալի հայորդիներ։Հրաչը ծանօթ է իր թարգմանչական վաստակով, հեղինակ է քանի մը գիրքերու եւ անդամ է Սուրիոյ արաբ գրողներու միութեան։ Ան հիմնադիր տնօրէնն է նաեւ «Ազատ Հայ» կայքէջին։ Իր մահէն 4-5 օր առաջ հեռաձայնեց, հոգին կը խայտար հայրական ուրախութեամբ։ Կ՚իմացնէր, թէ Հրաչը Երեւանի մէջ կատարած է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի երդումը։Յակոբ Սահակեանին առաջին անգամ հանդիպողը կը նկատէր անոր մաքրակրօն հայու նկարագիրը։Սխալներու եւ անհանդուրժելի արարքներու նկատմամբ չէր տատամսեր իր խիզախ տեսակէտը յայտնելու, առանց հաշուի առնելու սխալողին հանգամանքը կամ պաշտօնը, յաճախ երգիծական ոճով կը յանդիմանէր, եւ ընդհանրապէս իր առօրեային մէջ ան զուարթախօս ու հաճելի զրուցակից մըն էր։ Գաղափարական իր համոզումները անշեղ էին եւ սկզբունքային, իսկ հայ գիրի եւ մշակոյթի իբրեւ ծառայ՝ ան կը վրդովէր իմացական արժէքներու գահավիժումին եւ անկումին ի տես։Իր դագաղին շուրջ բոլորուած հարազատներուն, գաղափարի ընկերներուն եւ բարեկամներուն մէջ նկատելի էր բազմավաստակ ուսուցիչին աշակերտներուն բացակայութիւնը, իր ծառայած շրջաններուն աշխարհագրական հեռաւորութեան պատճառով։ Սակայն նախախնամութեան դասաւորումով, իր յուղարկաւորութեան արարողութեան ինքնակոչ կերպով կը հանդիսապետէր Գամիշլիի իր աշակերտներէն, այժմու Բերիոյ թեմի առաջնորդի օգնական Վահան Ծ. վրդ. Պէրպէրեանը։Գերեզմանատան մէջ գաղափարի իր ընկերներուն կողմէ սրտի խօսք արտասանեց Սմբատ Գրիգորեան, եւ անոր մարմինը հողին յանձնուեցաւ «Վէրքերով լի» երգով։
Յակոբ Սահակեանի մահով մեզմէ անդարձ կը մեկնի Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի առաջին սերունդներու ներկայացուցիչներէն մէկն ալ, որ աշակերտած է հիմնադիր՝ երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսին, տնօրէն Մինաս Թէօլէօլեանին, Արեգ Տիրազանին, Արմէն Անոյշին եւ այլ հեղինակաւոր ուսուցիչներու։Տեղին է յուշել Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան պատասխանատուներուն, թէ նման պարագաներուն հետաքրքրուին երէց շրջանաւարտներով եւ արժանին հատուցեն անոնց։Մ. Է. – Հալէպ («Ազդակ» օրաթերթէն առնուած)