ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀՈՒՆՁՔԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄ
Գիտութեան եւ կրթութեան դարբնոց՝ Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Վարժարանը, պատմութեան մէջ իր պայծառ էջը կերտեց ու դարձաւ «Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան»: Ճեմարանի առաջին հունձքին վկայականաց բաշխումը ու հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 4 Յուլիս 2009-ին, «Սարդարապատ» սրահէն ներս, ներկայութեամբ հոգեւոր Հայրերու, Միութեանց ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան: Քեսապցիին հայեացքը առլցուն յոյսով, հոգին՝ բերկրանքով ապրեցաւ սոյն հանդիսութիւնը: Քեսապցիին ապագան ճշդորոշող ու հայու տիպար կերտող այս կառոյցը, գիւղին սիրտը կը հանդիսանայ, որ աւիշ պիտի ներարկէ գիւղի զաւակներուն:Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Ճեմարանի քայլերգներով: Հայերէն եւ Արաբերէն բացման խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ խտասալիկի ցուցադրութիւն, ճեմարանի պատմական իրադարձութեանց շուրջ: Ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, Ճեմարանի 9-րդ եւ 12-րդ կարգի աշակերտներուն կողմէ՝ «Հող Հայրենին» եւ «Մենք եւ Համաշխարհայնացումը» նիւթերուն շուրջ:Հանդիսութեան աւարտին վկայականները բաշխեց ու իր սրտի խօսքը փոխանցեց՝ Գերշ. Տ. Շահան Եպս. Սարգիսեան ու «Պահպանիչ»ով աւարտ գտաւ հանդիսութիւնը:Հանդիսութենէն ետք տեղի ունեցաւ պաշտօնական հացկերոյթ «Քեսապ» Համալիրի Ճաշարանէն ներս: