ՀՈՂԱՄՇԱԿՈՒԹԵԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Կազմակերպութեամբ Լաթաքիոյ նահանգապետութեան հողամշակումի բաժնի տնօրէնութեան եւ հողամշակութեան հետազօտութեանց ու արժեւորումի գրասենեակին, Կիրակի, 1 Փետրուար 2009-ի առաւօտեան, տեղի ունեցաւ Լաթաքիոյ եւ շրջակայքի 2008 տարեշրջանի լաւագոյն հողամշակներու գնահատանքի ու պատւոյ հանդիսութիւնը, Լաթաքիոյ պարտիզպաններու միութեան սրահէն ներս: Խնձոր ծառատեսակի մշակման առաջին աստիճանի մրցանակին արժանացաւ ու վկայականով պարգեւատրուեցաւ՝ Տիար Րաֆֆի Հանէշեան, Քեսապ՝ (Էքիզօլուք) շրջանէն, Լաթաքիոյ նահանգի 2008 տարեշրջանի հողամշակումի մրցանակակիր հանդիսանալով:Հանդիսութեան ներկայ էին Լաթաքիոյ նահանգապետը, պետական մակարդակի ներկայացուցիչներ, Լաթաքիոյ եւ շրջակայքի հողամշակութեան բաժնի տնօրէնը, պատասխանատու անձեր ու հոծ բազմութիւն: