Յիսուսի թաղման արարողութիւն՝ Աւագ Ուրբաթ
Մեր Տիրոջ Քրիստոսի Խաչելութեան ու Թաղման արարողութիւնը ամէնէն խորհրդաւոր եւ ամէնէն շատ՝ սիրտը ճմլող, հոգին դիւթող եւ միտքը առինքնող պահն է ընդհանրապէս քրիստոնեաներուն եւ մասնաւորապէս Հայ ժողովուրդին համար:Այդպէս է նաեւ Քեսապցի Հաւատացեալներուն համար, որոնք իրենց համայնքային տարբերութիւնը մէկդի դնելով, Աւագ Ուրբաթ օր, 10 Ապրիլ, 2009-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին հոծ բազմութեամբ հաւագուած էին Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ մէջ: Արարողութիւնը սկսաւ երեկոյեան ժամերգութեամբ եւ ապա «Ո՞ւր ես Մայր իմ» հայատրոփ շարականի երգեցողութեան ժամանակ, ժողովրդապէտը խաչէն վար առաւ խաչուած Յիսուսը եւ զետեղեց թագաղին մէջ եւ կազմակերպութեամբ Հ.Կ.Մ խորհուրդին եւ մասնակցութեամբ բոլոր պատանի-ջահակիրներուն սկիզբ առաւ Ս. Թաղման վեհ թափօրը որ անցաւ Քեսապ հայաշէն գիւղի գլխաւոր փողոցէն շարականներու եւ մեղեդիներու երգեցողութեամբ: Թափօրի աւարտին Հ. Գարեգին խօսելով ձիթենեաց պարտէզին մէջ Յիսուսի կատարած աղօթքին մասին ըսաւ. «Յիսուս գիտնալով թէ ինչ պիտի պատահեր իրեն, որպէս մարդ խորապէս տխրեցաւ եւ աղօթէց՝ «Հայր, եթէ ուզես, հեռացուր ինձմէ այս բաժակը, բայց իմ կամքս թող չլլայ, այլ քու կամքդ»: Յիսուս գիտէր որ Հօրը կամքն է որ ինք խմէ այդ բաժակէն, բաժակը՝ չարչարանքի, խաչի ու մահուան: Զարմանալի է Յիսուս. ինք որ կը հրամայէր հովին ու ծովին եւ իրէն կը հնազանդէին. Ինք որ կ’ըսէր մի վախնաք, ահա հիմա այդ անձկութեան մէջ, խորապէս կը զգայ մահուան դառն համը, նման որեւէ մարդու երբ իր մահուան ժամը կը մօտենայ, կը լեցուի ահով ու վախով: Ատոր համար է որ տառապանքը, ցաւը եւ մահը յաճախ մեզ կը տանին յուսահատութեան ու անորոշութեան: Աղօթքը որ Յիսուս կատարեց, միջոցն է դուրս գալու այդ սարսափելի հոգեվիճակէն: Աղօթքը, պայքարն է որ մենք կը մղենք ոչ թէ մեր կամքը, այլ Աստուծոյ կամքը կատարելու. «ոչ իմ կամքս, այլ քուկդ թող ըլլայ»: Հայր սուրբը եզրափակելով պատգամը աւելցուց. «այս նիւթականացած դարուն մէջ, ուր մեր մտքերը պղտորած են, մեր հոգիները արատաւորուած են եւ մեր սրտերը քարացած են: Աստուած իր Ս. եկեղեցիին միջոցաւ կը հրաւիրէ բոլորս որ դիտենք Յիսուսը, նայինք անոր, բայց նաեւ հաւատանք անոր, միտ դնենք անոր խօսքերուն, սիրենք ու հասկնանք զինքը եւ նմանինք իրէն: Քանզի առանց Քրիստոսի կեանք չունինք. առանց Յիսուսի կորսուած ենք: Այսօր աղօթենք մեզմէ իւրաքանչիւրին համար, որ Աստուած լուսաւորէ մեր մտքերը, մաքրէ մեր հոգիները եւ սրբացնէ մեր սրտերը, որպէսզի միշտ իր կամքը կատարենք, ինչպէս Յիսուս կատարեց»: Հոգեթով արարողութիւնը վերջ գտաւ «Խաչի քո Քրիստոս» շարականով: