«Արցախ» Պարախումբի ելոյթ
Հովանաւորութեամբ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Համօ Օհանջանեան մասնաճիւղի վարչութեան, ելոյթ ունեցաւ «Արցախ» Պարախումբը Մարտ 28-29 Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը, երեկոյեան ժամը 8.00-ին Սարտարապատ սրահէն ներս: Պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար պարուսոյց՝ Կարօ տաղլեան:Բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, որոնց յաջորդեց բացման խօսքը: Պարախումբը կը բաղկանար երկու խումբերէ՝ երեցներ եւ պատանիներ: Յայտագիրը կ՚ընդգրկէր հայերէն, արաբերէն եւ օտար պարեր, նաեւ պատկեր մը որ կը ներկայացնէր Քեսապի ողբերգական անցեալը, սոյն պատկերը նուիրուած էր Քեսապի թալանի հարիւրամեակին: Այս տարի պարախումբը պար մըն ալ ներկայացուց Քեսապի տոհմիկ պարերէն բեմականացուած պարուսոյցին կողմէ:Դարձեալ նորութիւն էր պարերու ընթացքին պաստարի վրայ ցուցադրում իւրաքանչիւր պարի համապատասխան պատկեր: Ելոյթը վերջ գտաւ բարձր գնահատանքով ու ծափահարութիւններով:Կը շնորհաւորենք «Արցախ» պարախումբը ու կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ: