Քեսապի 1909 թուականի Կոտորածին 100 Ամեակի Ոգեկոչման Հանդիսութիւն

Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան (ՍԵՄ)ի Քեսապի «Շանթ» Մասնաճիւղը, Շաբաթ 4 Ապրիլ 2009-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Քեսապի Հայ Աւետարանական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցոյ մէջ, ոգեկոչեց Քեսապի 1909 թուականի կոտորածին 100 Ամեակը:Օրուան հանդիսութեան յայտագրի բացման խօսքով հանդէս եկաւ Աստղիկ Աշգեան, որուն յաջորդեցին. ա) ասմունք՝ Սարին Հանէշեան «Ողջոյն ձեզ» (տեղին է յիշել, որ արտասանուած կտորը, գիւղիս զաւակ բանաստեղծ Վրէժ Թուրեանին բանաստեղծութիւններէն մէկն է), բ) մեներգ՝ Ծաղիկ Սահակեան «Ատանայի կոտորածը»:Օրուան բանախօսն էր՝ Բանասէր, Ազգագրագէտ եւ գիւղիս զաւակ՝ Պարոն Յակոբ Չոլաքեանը: Ան իր հետաքրքիր պատմողական ոճով ու սահուն հոսող նախադասութիւններով, նիւթին կապեց ներկաները, որոնք ուշի ուշով կը հետեւէին:Բանախօսը ընդհանուր ու մանրամասն պատմական ակնարկով մը անդրադարձաւ 1909 թուականէն առաջ տիրող պայմաններուն, ուր Օսմանեան Պետութիւնը ստեղծած էր դժուար պայմաններ, առաւել՝ 1908 թուականի սահմանադրութեան ու անոր խօստացուած բարենորոգումներուն մասին «Իթիհատ եւ Թարաքի» կուսակցութեան կողմէ, որ խանդավարած էր ժողովուրդը, լաւատեսութեան յոյսեր արթնցուցած էր անոնց մէջ ու աւելի լաւ պայմաններու մէջ ապրելու յոյսով լեցուցած էր զանոնք: Քեսապցիներն ալ անմասն չմնացին այդ յոյսերէն եւ ուրախութիւններէն, սակայն այդ ուրախութեան եւ յոյսերու ետին ո՞վ գիտէ ինչ պահած էր Օսմանեան պետութիւնը, կասկածները ի զուր չէին:1909 թուականին, Ապրիլ ամսուայ մէջ տեղի ունեցաւ Քեսապի կոտորածը: Թուրքերը 30 հազարի հասնող զինուորներով յարձակեցան Քեսապի վրայ, իսկ Քեսապի երիտասարդները 300 անձերով, որսորդական հրացաններով փորձեցին պաշտպանել Քեսապը: Կողոպտուեցան, թալանուեցան, հրկիզուեցան տուները, խանութները, չխնայեցին նոյնիսկ բոլոր համայնքներու Աստուծոյ տուներուն: Քեսապցիները նախ հաուաքուեցան «Գալայ»ի կողմը, ապա մաս մը դէպի «Գարատուրան»ի ծով ուղուեցան, ուրիշներ ալ դէպի «Պաշորտ»: Բոլորն ալ անտանելի եւ անմարդկային պայմաններէ անցան ու մեծ թիւով զոհեր տուին:Աղէտեալ Քեսապցիները իրենց Քեսապ վերադարձին, տուները թալանուած ու  հրկիզուած տեսան: Անոնք նպաստներ ստացան Երուսաղեմէն, Հալէպի Առաջնորդարանէն, Բարեգործականներէն ու Լատին միսյոնարներէն: 1910 թուականը վերականգնումի տարի մը եղաւ Քեսապի համար: Կառուցուեցան Ազգային գրադարանը (Գրադխնան), Հայ Աւետարանական Քեսապի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին եւ Կաթողիկէ Էմմանուէլ եկեղեցոյ շէնքը:Բանախօսը երբ կը խօսէր կոտորածի աւարտի մասին, ան կարեւորութեամբ ընդգծեց երկու անձերու մասին, որոնք մարդասէր մօտեցում ունեցան աղէտեալ Քեսապցիներուն հանդէպ: Առաջինը՝  Տէր Մովսէս Քահանայ Ոսկերիչեան (Լաթաքիոյ շրջան), ան իր  անկարելին ըրած էր, ոչ միայն վերականգնելու աշխատանքներուն տուն- տուն պտտելով օգնութիւն ապահովելու համար, այլ աղէտեալները երբ Լաթաքիա հասած են, անոնց ապահոված է բնակարան եւ պարեն: Նոյն Քահանայ հայրն է, որ առաջին մարդահամարը կատարած է Քեսապի մէջ:Երկրորդը՝ Սատէք Լաթիֆ Աղան է, հակառակ անոր որ թուրք էր, թէ աղէտի օրերուն եւ թէ աղէտէն ետք, մարդասէր մօտեցում ցուցաբերած է Քեսապցիներու հանդէպ:Բանախօսութեան ընթացքին մանրամասնութեամբ խօսուեցաւ անոնց տարած գործերուն մասին:Պարոն Յակոբ Չոլաքեան, բանախօսութեան աւարտին նշեց, թէ Քեսապցին 1909 թուականի աղէտէն սորվեցաւ դիմանալ դժուարութիւններուն, տոկալ ու համբերել:Պարոն Արա Քէշիշեան հարազատութեամբ ներկայացուց Քեսապի բարբառով իր գրած ոտանաւորը, ուր կը բաղդատէր Քեսապը այսօր եւ Քեսապը անցեալի օրերուն: Երբ ան կը ներկայացնէր ոտանաւորը, անոր ընկերակցող (Slide)ին վրայ ցուցադրուած նիւթի հետ առնչուող նկարներն ու խօսքը, այդքան հարազատ պատկեր մը ստեղծեցին, որ շատ բան ըսին հասկցողին, իրականութիւնը իր մերկութեամբ փոխանցելով:Օրուան փակման խօսքը ներկայացուց Պատուելի Սեւակ Թրաշեան, ան շնորհակալական խօսք ուղղեց Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան, որ հանդիսութիւնը կազմակերպած էր, ինչպէս նաեւ բանախօսին: Անոր Աղօթքով վերջ գտաւ օրուան հանդիսութիւնը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>