Ս.Օ.Խ.ի կազմակերպութեամբ Մայրերու Տօնի նուիրուած հանդիսութիւն

Կազմակերպութեամբ Ս.Օ.Խ.ի Մեղրի մասնաճիւղի վարչութեան, Մարտ 22 կէսօրէ ետք ժամը 3.00-ին, Սարդարապատ սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան առթիւ տօնակատարութիւն:Բացումը կատարուեցաւ Ս.Օ.Խ.ի քայլերգով բոլոր ներկայ խաչուհի մայրերու երգեցողութեամբ: Յայտագիրը սկիզբ առաւ բացման խօսքով եւ գեղարուեստական բաժինով որ կ՚ընդգրկէր մայրերու նուիրուած մեներգներ եւ ասմունքներ:Ապա, բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսուհին Լիբանանէն ժամանած Տիկ. Եսթեր Քիլաղպեան, որ բացատրեց մօր մը դերը, պարտականութիւնը, զոհողութիւնները ընտանիքէն ներս եւ եզրափակեց իր բանախօսութիւնը «Հերոսուհի» կոչելով բոլոր մայրերը: Տօնակատարութեան փակումէն առաջ բեմ հրաւիրուեցան եւ պարգեւատրուեցան Քեսապի տիրամայրերը որոնք իրենց զաւակները նուիրած են Եկեղեցւոյ:«Օրհնեալ են բոլոր մայրերը, իսկ պաշտելի են բոլոր այն մայրերը, որ ազգին եւ եկեղեցւոյ ծառայութեան ի խնդիր իրենց զաւակները կը դաստիարակեն ու կ՚ընծայեն Աստուծոյ ու անոր ժողովուրդին»:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>