Մայրերու տօնին եւ Կանանց միջազգային օրուան նուիրուած Տօնախմբութիւն
Նախաձեռնութեամբ «Նամար» պանդոկի տնօրէնութեան, կազմակերպութեամբ Քեսապի բոլոր Տիկնանց միութիւններուն, տեղի ունեցաւ մայրերու օրուան տօնակատարութիւն «Նամար» պանդոկի «Սայաթ Նովա» ճաշասրահէն ներս, Ուրբաթ 27 Մարտ կէսօրէ ետք ժամը 3.00էն սկսեալ: Ներկայ էին գրեթէ Քեսապի բոլոր մայրերը, խուռն բազմութեամբ: Տօնակատարութիւնը սկիզբ առաւ բացման խօսքով մը, որուն յաջորդեց գեղարուեստական բաժին որ կ՚ընդգրկէր զաւեշտներ, մեներգներ, գովազդներ եւ սոյն տօնախմբութեան առթիւ հեռաւոր երկիրներէ եկած գնահատական եւ շնորհաւորական նամակներու ընթերցում: Բոլոր մայրերու տրամադրութիւնը բարձր էր որոնք հիւրասիրուեցան Սայաթ-Նովա ճաշարանի պատրաստուած համադամ ճաշերէն: Դարձեալ անակնկալներ տեղի ունեցաւ եւ իբրեւ բախտաւոր մայր ընտրուեցաւ ամէնէն տարեց մայրը:
Տօնակատարութեան աւարտին բոլոր մայրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին «Նամար» պանդոկի տնօրէնութեան իր այս յատուկ նախաձեռնութեան համար:«Մայր ինձ համար փառք չեմ տենչում կեանքի մէջ, բայց կ՚ուզէի զոհողութեանդ անհաս լինել արժա՜ն, լինել հերո՜ս, լինել մե՜ծ, որ քո կեանքդ, կորած կեանքդ չափսոսաս»:Վարձքը կատար բոլորին: