Պլօթի տարեկան մրցախաղ Շարժայի մէջ
Կազմակերպութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Քեսապցիներուն, Ուրբաթ 20 Մարտ 2009ին Շարժայի մէջ տեղի ունեցաւ Պլօթի 23-րդ տարեկան մրցախաղը: Մրցախաղին մասնակցեցան 52 քեսապցիներ, ներկայ էին նաեւ քեսապցի հանդիսատեսներ: Մրցախաղի առաջնութիւնը շահեցան Մուշեղ Պետիրեան եւ Սերոբ Աշըգեան, երկորդ դիրքը գրաւեցին Պետրոս եւ Սեւակ Սաղտըճեաններ, իսկ երրորդ՝ Վիգէն Գլընճեան եւ Յովհաննէս Թիւթիւնճեան: