Հայ Սկաուտի Օր

Հովանաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի  Քեսապի մասնաճիւղի վարչութեան, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի  Քեսապի մասնաճիւղի Սկաուտ խորհուրդին, Կիրակի 1 Մարտ 2009-ին, տեղի ունեցաւ Հայ Սկաուտի Օրուայ տօնակատարութիւն Սարդարապատ սրահէն ներս: Տօնակատարութեան ներկայ էին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ Խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, Շրջանային Խմբապետն ու Խմբապետուհին, Հոգեւոր հայրեր, Քոյր միութիւններու վարչութիւններ եւ ծնողներ:Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Խմբապետուհին՝ Քոյր Դալար Թութիկեան որմէ ետք Մասնաճիւղի Արի Արենուշ միաւորի քոյրերն ու եղբայրները ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը որ կ’ընդգրկէր. Միջազգային Սկաուտութեան հիմնադրութեան պատմութիւնը, թատրօն մը յատուկ Քեսապի աւանդութիւններու շուրջ, հայկական պար, մեներգ, ասմունք եւ բուրքեր: Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ Նորագիրի եւ Նորընծայի վկայականաց բաշխում, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Շրջանային Սկաուտ Խորհուրդի Ատենապետ՝ եղբայր Մանուկ Քէօշկէրեան. ան փոխանցեց օրուան խորհուրդը, ապա Տէր եղիշէ Քահանայ Սարգիսեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը եւ Պահպանիչով փակեց օրուան հանդիսութիւնը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>